Ռուսաստանեան «Թասս» գործակալութեան հաղորդմամբ հայկական ուժերու Քարվաճառ շրջանէն դուրս բերումը պիտի չկայացուի այսօր 15 նոյեմբերին։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ որոշ հանգամանքներու բերումով հայկական զօրքերը Քարվաճառէն դուրս պիտի գան 25 նոյեմբերին։
Յիշեցնենք, որ Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ զինուորական ուժերու վերադասաւորումը, ինչպէս նաեւ ռուսական խաղաղապահ ուժերու ներկայութիւնը վճռուեցաւ անցնող 9 նոյեմբերին հրապարակուած համաձայնութենէն անմիջապէս ետք։
Հայաստանի ժողովուրդը եւ հայութիւնն առհասարակ մերժելի եւ պարտուողական կը համարէ այդ համաձայնութիւնը։