Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պարէտատան նիստէն ետք առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Լենա Նանուշեանի եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոնի տնօրէնի բուժական գծով փոխտնօրէն Պետրոս Մանուկեանի հետ ունեցած է ճեպազրոյց։
Վարչապետը նշած է, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի ցուցանիշները կրկին կայունացման թոյլ եւ նախնական նախանշաններ ցոյց կու տան եւ վերջնական հնարաւոր չէ ըսել, թէ իրավիճակը կայունացած է:
«Բայց նախանշաններ կան: Կայունացումը տեղի կ'ունենայ շատ բարձր նշաձողի վրայ, երէկ 428 նոր դէպք ունեցած ենք, բայց նաեւ կ'ուզեմ ընդգծել, որ մեր ջանքերու շնորհիւ այս բարձր նշաձողով կայունացումը կը դառնայ տանելի մեր առողջապահական համակարգի համար: Ըստ էութեան, հիւանդանոց տեղափոխուելու կարիք ունեցող մարդոց խնդիրը ամէն օրուայ հետ աւելի կը փոքրանայ: Եթէ կաենանք պահպանել այս միտումը, կը լուծենք հիւանդանոցի խնդիրը ամբողջ ծաւալով ու կանցնինք «Քորոնա» ժահրի համաճարակի յաղթահարման, աւելի ճիշդ՝ զէրոյացման փուլին»,- ըսած է վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ ակնյայտ է, որ այսօր բնակիչներու մեծամասնութիւնը կը կրէ դիմակ, կը հետեւի կանոններուն, բայց դեռ ցանկալի արդիւնք չունինք:
«Այսօր օրուայ առաջին կէսին ոստիկանները 15:00-ի դրութեամբ 1800 քաղաքացիի տուգանած են դիմակ չկրելու համար: Այս թիւը կ'ըսեմ ցաւով, որովհետեւ մեր նպատակը տուգանելը չէ: Երէկ բացառիկ ցուցանիշ ունեցած ենք բուժուածներու մասով՝ 775 բուժուած: Ըստ էութեան, մենք աշխոյժ դէպքերու որոշակի նուազում կ'արձանագրենք»,-նշած է վարչապետը: