image

Հինգ Յարկանի Երկու Հարեւան Շէնքեր Փլուզուած են՝ Պոլսոյ «Istiklal» պողոտայի Մօտ

Հինգ Յարկանի Երկու Հարեւան Շէնքեր Փլուզուած են՝ Պոլսոյ «Istiklal» պողոտայի Մօտ

Պոլիս-(«Տէյլի Սապահ»)- Երկու հինգյարկանի շէնքեր փլուզուած են, Պոլսոյ պատմական Պեյօղլու թաղամասին մէջ, ուրբաթ օր: Այս մասին կը հաղորդէ «Սապահ», նշելով, որ այն մտաւախութիւնը, թէ կարգ մը մարդիկ կրնային փլատակներու տակ մնացած ըլլալ՝ փարատուած է, հաստատելով, որ ոչ ոք չէ տուժած:

Փլուզումը, որ տեղի ունեցած է ժամը 14:00-ին,  փլատակներու մեծ կոյտ մը ձգած է իր ետին «Istiklal» պողոտայի մօտ գտնուող թաղամասի մը մէջ, շուկայի հիմնական փողոցը, որ կը տանի դէպի Թաքսիմի  հրապարակ:

Երկու շէնքերու մուտքին կը գործէր սրճարան մը, եւ տակաւին յստակ չէ, եթէ այնտեղ ներսը ոեւէ մէկը գտնուա՞ծ է  փլուզման պահուն:

Պոլսոյ նահանգապետ Վասիփ  Շահինը յայտարարած է, որ ոչ ոք եղած է երկու շէնքերուն մէջ, երբ անոնք ինկած են, պատճառելով փոշէ ամպերու կուտակում: Ան նաեւ նշած է, որ յետագայ որոնումներ պիտի իրականացուին, եւ հետաքննութիւնն պիտի սկսի շուտով:

Մօտակայ ինքնաշարժի կանգառը սպասարկողները զգուշացուցած են անցորդները, երբ զգացած են, որ շէնքերը՝ հիււրանոցն  ու պահեստանոցը, ցնցուած են, կանխելով մեծ աղէտ մը, ըսած է Պեյօղլուի քաղաքապետ Ահմեդ Միզպահ Տեմիրքանը, աւելցնելով, որ մօտակայ շէնքերը շուտով պարպել տուած են:

Շահինը լրագրողներուն ըսած է, որ միայն մէկ  բնակիչ կը գտնուէր հիւրանոցին մէջ, եւ ան ալ առանց վնասուելու փախած է: