Չեչենիոյ նախագահ Ռամատան Քատիրով յայտարարած է, որ երկրի տարածաշրջանային քաղաքացիական հիմնադրամը, որ Ահմատ Քատիրով անունը կը կրէ, աւելի քան 8500 սուրիացի ընտանիքի հագուստեղէն եւ սննդամթերք տրամադրած է:
«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Քատիրով ընկերային կայքերէն մէկու էջերուն կատարած իր գրառման մէջ նշած է, որ իր հօր՝ Ահմատ Քատիրովի անունը կրող հիմնադրամը կը շարունակէ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել Սուրիոյ աւերուած շրջաններու բնակիչներուն:
Քատիրովի խօսքով, հիմնադրամը անցնող երեք շաբաթներու ընթացքին աւելի քան 8500 սուրիացի ընտանիքի օգնութիւն տրամադրած է:
Նշենք, որ նոյն հիմնադրամը աւելի վաղ 5000 սուրիացի ընտանիքի մարդասիրական օգնութիւն տրամադրած էր: