Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարին ալ ետեւնիս մնաց, բայց դեռ թրքական պետութեան կողմէ յամառօրէն կը հերքուին հազարաւոր փաստաթուղթեր, որոնք գրուած են տասնեակ լեզուներով, ներառեալ թրքերէնով եւ ներկայացուած զանազան ատեաններ, քննարկուած եւ ուսումնասիրուած:
Շատ մը երկիրներու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին կողքին, թուրք կարգ մը մտաւորականներ ու հանրային գործիչներ ընդունեցին այս իրողութիւնը եւ ներողութիւն ալ խնդրեցին հայ ժողովուրդէն, բայց ոչ մէկ ձայն թրքական գիտական եւ բժշկական շրջանակներէն:
Ինչպէս գիտենք, թուրք բժիշկները մեծ դեր ունեցած են Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ եւ բոլորին ծանօթ անուններ են, տխրահռչակ՝ տօքթ. Նազիմը եւ Պէհաէտտին Շաքիրը, որոնք «Իթթիհատ եւ Թարաքքի» կուսակցութեան կարկառուն ներկայացուցիչներէն էին: Անոնք աւելի ուշ դատապարտուեցան նոյնինքն թրքական զինուորական ատեանին կողմէ, յատուկ դատավարութենէ մը ետք, որ տեւեց Դեկտեմբեր 1918-էն մինչեւ Յունիս 1919: Սոյն ատեանը ամբաստանեց Նազիմը եւ Շաքիրը կազմակերպութիւն հիմնելու մեղադրանքով, որ կոչուած էր «Թաշքիլաթ Մախսուսիէթ», որուն մէջ հաւաքուած էին յատուկ առաքելութեամբ բանտերէն արձակուած ոճրագործներ: Անոնց գործն էր իրականացնել հայերու Ցեղասպանութիւնը, ամէն տեսակի վայրագ միջոցներով եւ մինչեւ վերջ բնաջնջել հայ ժողովուրդը ու գողնալ անոր ունեցուածքը: Զինուորական ատեանը, երբ մեղադրանք կը ներկայացնէ տօքթ. Շաքիրին իբրեւ փաստ ցոյց կու տայ անոր ձեռագրով ստորագրուած հրաման մը, ուր վերջինս կը հրամայէ իր գործակիցներուն Խարբերդ (Ներկայիս Խարբութ) քաղաքին մէջ, ոչ միայն «բաւարարուիլ հայերուն տեղահանութեամբ, այլ վերջնականապէս ոչնչացնել զանոնք»:
Այո՛, վերը յիշուած բժիշկներուն անունները բոլորս գիտենք եւ շատ խօսուած ու գրուած է անոնց «քաջագործութիւններու» մասին, բայց հաւանաբար նոր անուն մը յայտնած պիտի ըլլանք եթէ խօսինք տօքթ. Ֆազըլ Պէրքի մասին: Շատ մը աղբիւրներ կը գրեն որ տօքթ. Ֆազըլ Պէրքիի «սուրբ եւ բժշկական պարտականութիւնը» եղած է հաւաքել թուրք եւ քիւրտ այսպէս կոչուած չէթէներ (աւազակախումբեր)եւ կազմակերպել հայերու դէմ կոտորածները Սիս քաղաքին մէջ: Յոյժ կարեւոր է յիշել, որ այս բժիշկին դերը մեծ եղած է մեր մեծագոյն բանաստեղծներէն ՝Դանիէլ Վարուժանի եւ Ռուբէն Սեւակի սահմռկեցուցիչ սպանութեանց մէջ:
Տօքթ. Ֆազըլ Պէրքի անունին հետ քիչ տարածուած է նաեւ տօքթ. Սուլէյման Նաաման փաշայի անունը, որ ունէր զինուորական ծառայութիւններու մասով թրքական զինուած ոյժերու տնօրէնի պաշտօն եւ նոյն ատեն բարձրագոյն վիրաբոյժն էր Թուրքիոյ ընդհանուր հրամանատարութեան: Ան հայերու թունաւորման պատճառ դարձած է Էրզրումի եւ Երզնկայի մէջ: Բնականաբար կարելի է երկար խօսիլ անոր գործած ոճրագործութիւններուն մասին նոյնպէս:
Տօքթ. Մուհամմէտ Հուսէյն եւ տօքթ. Ահմատ Մտհաթ անունները, որոնք նոյնպէս շատ տարածուած չեն, իրենց «կարողութիւններով» մեծ դեր ունեցած են Հայոց Ցեղասպանութեան իրագործման մէջ: Բժիշկներու այս ցանկին մէջ, ամէնէն զզուելի ոճրագործներէն մէկը կը համարուի՝ տօքթ. Մուհամմէտ Ռէշիտ, որ Տիգրանակերտի (Տիարպէքիր) քաղաքապետ ըլլալով նշանաւոր էր իր հրամաններով ձիու նալեր (պայտեր) գամելով հայերու ոտքերուն տակ եւ քշելու ու ջարդելու կիներն ու մանուկները...: Ան ունէր «պայտագործ» ծածկանունը:
Մեր յօդուածին մէջ, վերջին անունը տօքթ. Ալի Սայյէտն է, որ Տրապիզոնի ղեկավարն էր: Ան անմիջական մեղսակցութիւն ունեցած է հրամաններ արձակելով հազարաւոր հայ կիներ ու փոքրիկներ թունաւորելու համար:
Պէտք է յիշեցնենք, որ այս բժիշկներուն մեծ մասը աքսորուած է՝ Մալթա կամ մահապատիժի ենթարկուած: Յիշեցնենք նոյնպէս, որ մեծն ոճրագործ բժիշկ՝ Պէհաէտտին Շաքիրը փախած էր Գերմանիա եւ տարբեր կեղծանուններով պահուըտած կը մնար, մինչեւ իր ահաբեկումը «Նեմեսիս» գոծողութեամբ՝ 17 Ապրիլ, 1922-ին, Պեռլինի մէջ:
Սեւակ Մաթէյեան