image
Հրատապ լուրեր:

Հայրենադարձութեան կոչ. Դէպի երկիր

Հայրենադարձութեան կոչ. Դէպի երկիր

Արդէն քսանհինգ տարի է, որ անկախ պետութիւն ունինք , քսաներկու տարիէ ի վեր ազատագրուած Արցախ ունինք: Միասնաբար երկու հայկական հանրապետութիւնները կը կազմեն մօտ 40,000 քառ.քմ , ուր միմիայն մօտ 2-3 միլիոն մարդ կը բնակի:

Ընկերային եւ տնտեսակա ն վատ պայմաններուն պատճառաւ Հայաստանի մէջ արտագաղթը մագլցողական աճ կ՛արձանագրէ տարուէ տարի , իսկ հայութեան աւանդական գաղութները կը նօսրանան միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի թոհուբոհային համապատկերով , ու դէպի արեւմուտք գաղթի հոսքը սփիւռքին դիմագիծը կը փոխէ:

Ընթացիկ իրավիճակը եթէ նոյն թափով շարունակուի յառաջիկայ տարիներուն, ապա հայրենիքը ա՛լ աւելի պիտի աղքատանայ, պիտի հայաթափուի, օրինական աւազակապետերու ճիրաններուն մէջ աւելիով պիտի տուայտի, եւ, Աստուած չընէ, երբեմնի ռուս դիւանագէտ Լոբանով-Ռոստովսկիի «Հայաստանն առանց հայերու» նախագիծը պիտի իրականանայ:

Միւս կողմէն, ի՞նչ իմաստ ունի մինչեւ վերջ պարծենալը հզօր սփիւռքով, երբ սփիւռքը ի բնէ լուծուող էութիւն մըն է: Վերջ ի վերջոյ սփիւռքը դատաւարտուած է ձուլուելու: Ասիկա գիւտ մը չէ, այլ պատմութենէն եւ գիտութենէն վկայուած իրականութիւն է:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Ֆրանսայի, Աւստրալիոյ մէջ հայապահպանումն է մարտահրաւէրը: Այդ տեղերը հայկական եկեղեցի, դպրոց եւ ակումբ յաճախելով մարդիկ կը պահեն իրենց հայութիւնը: Բայց մինչեւ ե՞րբ: Օտար լեզուներու ազդեցութեամբ, կէս-կատար հայերէն խօսելով այսօրուան հայ երիտասարդները ինչպէ՞ս հայաշունչ պիտի պահեն իրենց յաջորդները:

Առ այդ, հայ ժողովուրդը պէտք է ճակատագրական քայլի դիմէ իր էութիւնն ու գոյութիւնը երաշխաւորելու համար:

Ռազմավարական լաւագոյն միջոցը հայրենադարձութիւնն է:

Դէպի երկիր:

Կոչ կ՛ուղղենք բոլոր մեծահարուստ հայերուն, կուսակցութիւններուն, բոլոր ազգանուէր առաջնորդներուն՝ գլխաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, եւ բոլոր անոնց, որոնք շահագրգռուած են հայութեան անվտանգութեամբ, որ ստեղծուի հայրենադարձութեամբ զբաղող հիմնադրամ մը:

Հայրենադարձութիւնը անհրաժեշտութիւն կը նկատենք:

Աշխարհի չորս կողմէն հայեր պէտք է հաստատուին Հայաստան ու Արցախ:

Մեծահարուստ հայեր պէտք է ամէն գնով ներդրումներ ընեն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

Եթէ սփիւռքի ղեկավար մարմինները երաշխաւոր կանգնին հայրենադարձութեան, ապա սփիւռքին դրամները կորզող իշխանաւորները առաջուան պէս չեն կրնար կամայական եւ սանձարձակ ըլլալ:  Անգամ մը որ սփիւռքը՝ քաղաքական հովանաւորութեամբ, հսկայ մարդուժով, նիւթական ուժով եւ կազմակերպուածութեամբ Հայրենիք մտնէ, ա՛լ Հայրենիքի մէջ իրերու դրուածքը պիտի փոխուի: Այն ատեն է որ սփիւռքը կը դադրի կթան կով ըլլալէ , հիւր ըլլալէ մեր հայրենիքէն ներս:

Հայրենիքի մէջ գործարաններ պիտի բացուին, տնտեսութիւնը պիտի զարգանայ, Գիւմրին պիտի շէննայ, Արցախի բնակչութիւնը պիտի աճի, սահմանային գիւղերը պարապ պիտի չմնան, հայոց բանակը աւելիով պիտի հզօրանայ:

Արեւելահայերէնին կողքին՝ կորսուելու սպառնալիք դիմագրաւող արեւմտահայերէնը պետական լեզու պիտի դառնայ:

Այս երազանքը ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի նախագաղափարը պիտի ըլլայ:

Ուրեմն՝ ժամը հասաւ, որ հայրենադարձութիւնը համազգային ռազմավարութիւն դառնայ:

Դէպի երկիր:


 ԲԱԶԷ/2016