ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան ռազմաճակատներու ընդհանուր իրադրութեան մասին գրառում մը կատարելով յայտնած է, թէ հայկական զօրքերը յաջողած են երեւելի յառաջխաղացքներ գրանցել արցախեան կարգ մը առաջնային գիծերու վրայ: Յովհաննիսեան գրանցուած գործողութեանց մասին գրած է ՝ «Վերջապէս սպասուած լուր հայակական ուժերը յաջողած են նորանոր դիրքեր գրաւել: Փառք հայ զինուորին»: