image
Հրատապ լուրեր:

Հայկական Բանակի զօրամասերը մշտական տաք ջուր պիտի ունենան

Հայկական Բանակի զօրամասերը մշտական տաք ջուր պիտի ունենան

Հայաստանի Զինուած ուժերու համակարգէն ներս ձեռնարկուած է համակարգի ուժանիւթի օգտագործման ուսումնասիրութիւնը: Այս աշխատանքը կը հետապնդէ ուժանիւթի ոլորտէն ներս հսկայական միջոցներ խնայելու եւ բոլոր զօրամասերը մշտական տաք ջուրով ապահովելու նպատակը:


Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտնած է, որ ժամանակակից միջոցներու օգտագործումով հնարաւոր է հսկայական խնայողութիւն ապահովել ուժանիւթի գործածութեան ոլորտէն ներս:  Բանակը պիտի սկսի օգտագործելու վերականգնող (արեւային) ուժանիւթի պաշարներ:


Արդէն իսկ լայն թափ ստացած է արեւային ուժանիւթ ստանալու նախագիծերու մշակումը:


Իւրաքանչիւր վաշտի կամ մարտկոցի համար կը նախատեսուի ցնցուղարան ստեղծել: