Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ Երեւանի Բաղրամեան պողոտայի վրայ գտնուող Սուրիոյ դեսպանատան մէջ եռուզեռ նկատելի է: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Երեւանի իր թղթակիցէն:
Մեր լրագրողը նաեւ յիշեց, որ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ Հայաստան հաստատուած մեծ թիւով սուրիացիներ արդէն իսկ եկած են դեսպանատուն եւ մասնակցած ընտրութիւններուն: Կը նշուի նաեւ, որ ընտրութիւնները պիտի շարունակուին առաջիկայ ժամերուն եւս:
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ պատերազմէն ետք մեծ թիւով սուրիահայեր ստիպուած եղան առժամեայ կամ մշտական կերպով հեռանալ պատերազմական գործողութիւններու թատերաբեմ դարձած երկրէն եւ անոնցմէ կարեւոր եւ նկատելի տոկոս մը հաստատուեցաւ մասնաւորապէս Երեւանի մէջ:
«Արեւելք» պիտի շարունակէ հետեւիլ ընտրական այս օրուայ զարգացումներուն եւ հերթաբար նորութիւններ հաղորդել մեր ընթերցողներուն: