image

Հայաստանը չի կրնար անտարբեր մնալ լիբանանահայ համայնքի խնդիրներուն. Զոհրապ Մնացականեան

Հայաստանը չի կրնար անտարբեր մնալ լիբանանահայ համայնքի խնդիրներուն. Զոհրապ Մնացականեան

ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Տարօն Սիմոնեանը, անդրադառնալով Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին, հետաքրքրուած է՝ տնտեսական ճգնաժամի մէջ գտնուած Լիբանանը, որ տարբեր հաշուարկներով օգոստոսին սովի մէջ պիտի յայտնուի, արդեօ՞ք Հայաստանը լիբանանահայ համայնքին աջակցութիւն պիտի տրամադրէ։

«Հայաստանը չի կրնար անտարբեր մնալ լիբանանահայ համայնքի խնդիրներուն, մշտապէս կապի մէջ ենք, ընդհանուր առմամբ, ընկերային-տնտեսական վիճակը այնտեղ շատ ծանր է, անհրաժեշտ է վերջնականացնել որոշ գնահատականներ՝ կապուած մեր օժանդակութեան հետ, որոնց մասին աւելի ուշ ես ձեզի կը փոխանցեմ որոշ տեղեկութիւններ, բայց կ'ուզեմ նշել, որ Հայաստանը եղած է եւ կը մնայ  հայրենիքը իւրաքանչիւր հայու»,- ըսած է Զոհրապ Մնացականեանը։