ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ստորագրութիւնը կրող յատուկ շնորհաւորագիր մը յանձնուած է պէյրութահայ 3 օրկաններուն: Այս մասին կը տեղեկանանք «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն ՝ Տիկ. Անի Եփրեմեան- Սարաֆեանի Ֆէյսպուքեան էջէն: Նշենք, որ ՀՀ նախագահի շնորհաւորագիրը երեք օրկաններու պատասխանատուներուն յանձնուած է Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Աշոտ Քոչարեանի ձեռամբ Պէյրութի ՀՀ դեսպանատան մէջ: Լուսանկարին մէջ Պրն. Քոչարեան շրջապատուած «Ազդակ»ի խմբագիր Պրն. Շահան Գանտահարեանով, «Զարթօնք»ի խմբագիր Պրն. Սեւակ Յակոբեանով եւ «Արարատ»ի տնօրէն Տիկ. Անի Եփրեմեան Սարաֆեանով: