image

Հայաստանի մէջ գործող ԱՄՆ դեսպանատունը այսուհետեւ վիզա պիտի չտրամադրէ Իրանցիներուն

Հայաստանի մէջ գործող ԱՄՆ դեսպանատունը այսուհետեւ վիզա պիտի չտրամադրէ Իրանցիներուն

Երեւանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւնը յայտնած է, որ «Մերձաւոր Արեւելքի մէջ վերջերս տեղի ունեցած իրադարձութիւններու պատճառով ժամանակաւորապէս կասեցուցած է արտոնագրերու հետ կապուած որոշ ծառայութիւններ»։

Խօսքը Իրանի քաղաքացիներու մասին է, հակառակ որ հաղորդագրութեան մէջ այդ մասին պաշտօնական յիշատակութիւն չկայ:

Հաղորդագրութիւնը հասանելի է նաեւ պարսկերէն:

Մետիամաքսը նշած է, որ վերջին տարիներուն Իրանի շատ քաղաքացիներ ԱՄՆ մուտքի արտօնագիր կը ստանային Երեւանի մէջ: