«Էօզկիւր Կիւնտէմ» թրքական թերթի նախկին տնօրէնուհի, Հայ դատի ի նպաստ իր դիրքորոշումով ծանօթ փաստաբանուհի Էրէն Քէսքին եւ նոյն թերթի նախկին խմբագրապետ Ռէյհան Չափան, այդ թերթին մէջ լոյս ընծայուած յօդուածներով «ահաբեկչական կազմակերպութեան քարոզչութիւն» ընելու մեղադրանքով 3 տարի եւ 9 ամիս բանտարկութեան դատապարտուած են:
Վճիռին մէջ նշուած է, որ անոնք անցեալին ալ դատապարտուած ըլլալով՝ պատիժներու զեղչ կամ որեւէ փոփոխութիւն չի նախատեսուիր:
Թերթին փաստաբանը Էօզճան Քըլըչ յայտարարած է, թէ այս պատիժները միայն անոնց լրագրական գործունէութեան պատճառով սահմանուած ըլլալով, պիտի բողոքեն:
Էրէն Քէսքին յայտնած է, թէ թերթին մէջ այդ պաշտօնը վարած տարիներուն անոր սիւնակներուն մէջ լոյս տեսած «ահաբեկչութեան քարոզչութեան» մեղադրանքներու կապակցութեամբ շուրջ 50 դատ բացուած է իր դէմ: Ան աւելցուցած է թէ Թուրքիոյ մէջ կը փորձեն մամլոյ եւ արտայայտութեան ազատութիւնը կաշկանդել նաեւ դատական միջոցներով:
Այս մասին խօսելով «Թարաֆ» թերթին, Քէսքին ըսած է. «Վճիռը զարմանալի չեմ գտներ։ Պիտի դիմենք բարձրագոյն ատեանին։ Բայց նոյնիսկ եթէ իմ պատիժը հաստատուի, պիտի շարունակեմ պայքարիլ»։
Ան նաեւ խստօրէն քննադատած է իրենց դէմ նկատի առնուած՝ «անցեալին ալ դատապարտուած» տուեալը եւ ըսած է, թէ երկրի մը մէջ ուր մարդիկ կ'անհետացուին, քննութեան ընթացքին չարչարանք կը գործադրուի, անծանօթ հեղինակներով մարդասպանութիւններ կը գործուին, մարդկային իրաւանց ծանր բռնաբարումներ տեղի կ'ունենան, այդ բնորոշումը իրենց պարագային բոլորովին անհամատելի է եւ ցոյց կու տայ, որ այս վճիռը կողմնակալ ձեւով արձակուած է: Ակնարկելով վերոնշեալ ծանր յանցանքներուն, Քէսքին աւելցուցած է, թէ Թուրքիա այդպիսի ոճիրներ քօղարկելու հիման վրայ հիմնադրուած պետութիւն մըն է: