Երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած զարգացումներէն ետք լիբանանեան խորհրդարանին պլոքներ միտուած են վարչապետի պաշտօնին համար առաջադրել Հասան Տիապի անունը։
Այս մասին տեղեկութիւն հաղորդող լիբանանեան աղբիւրներ կը նշեն, որ Տիապ այսօր պիտի ստանայ շուրջ 75 քուէներ ու այդպէս ալ պիտի դառնայ երկրի վարչապետ։
Յիշեցնենք, որ այս զարգացումները կը կատարուին այն պահուն, երբ Սաատ Հարիրի վերջնականապէս հրաժարեցաւ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու իր բոլոր յանձնառութիւններէն։
Ինչ կը վերաբերի Հասան Տիապին, կը նշուի, որ ան վարած է երկրի նախկին կրթութեան նախարարի պաշտօնը (2011) եւ ջերմ կապեր ունի նախագահ Աունի ու անոր դաշանակից քաղաքական կողմերուն հետ։