ՍԱՐՖէն հնչած «Կեանք մը Փրկենք» կոչին անսալով՝ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպած է սուրիահայութեան ի նպաստ դրամահաւաքի ընթրիք մը, որ տեղի ունեցած է տէր եւ տիկին Մկօ եւ Թալին Փանոսեաններու յարկին տակ՝ մասնակցութեամբ շուրջ 50 հրաւիրեալներու:
Ծանօթ իրողութիւն է, թէ սուրիահայութեան շտապօգնութեան մարմինը Թելեթոն-նուիրահաւաք մը կազմակերպած էր, առաւելագոյնս օժանդակելու համար վերջին հինգ տարիներուն պատերազմի արհաւիրքը ապրող Սուրիոյ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք ոչ միայն բոլորիս ծանօթ դժնդակ կենցաղային պայմաններու մէջ կը գոյատեւեն, այլ կանգուն կը պահեն տեղւոյն ազգային հաստատութիւնները՝ սկսեալ առաջնորդարանէն, եկեղեցիէն, հասնելով մինչեւ ծերանոցն ու պատսպարանը, շարունակելով մշակութային գործունէութիւն, դպրոց, երաժշտանոց, երգչախումբ, պարախումբ եւ թատրոն:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանած է Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Չուխաճեան, որ պատկերացում մը տուած է երբեմնի հայաշատ գաղութի ներկայ իրավիճակին մասին: Ընթացքին խօսք առած է նաեւ ՍԱՐՖի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Քենտիրճեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնած է Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան եւ ներկաներուն՝ նուիրահաւաքի այս ձեռնարկի կազմակերպման եւ անոնց մասնակցութեան համար: Ան գլխաւորաբար շեշտը դրած է հալէպահայ զանգուածի ներկայ կենցաղային դժուարութիւններուն վրայ, ինչպէս՝ ելեկտրականութեան եւ ջուրի տագնապը, մէկուն կամ միւսին ապահովման համար միջոցներու հայթայթումը եւ այլն, ներկաները մօտէն իրազեկ դարձնելով հալէպահայուն առօրեային, որ շատ տխուր իրավիճակ մը կը պարզէ մահասարսուռ հրթիռներու պայթումներուն եւ զինարձակումներու տարափներուն տակ:
Այս սրտառուչ ելոյթէն ետք բեմ բարձրացած են հիւրընկալի դուստր՝ Նայիրի Փանոսեանն ու իր դասընկերուհին՝ Անի Թովմասեանը, որոնք ասմունքած են օրուան պատշաճ երկու բանաստեղծութիւններ: Այնուհետեւ, երգիչ Անթուան Պէզճեան մթնոլորտը ճոխացուցած է երգերու ընտրանիով մը, ինչպէս՝ «Մշոյ Աղջիկ», «Եար Քելէ Նազով» եւ «Սարերի Հովին Մեռնեմ», դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Արմէն Պապայեանի: Դաշնակահար Արմէն Պապայեան իր կարգին նուագած է հայ երգանիէն ընտրուած շարք մը, ուր կը ցոլար իր երաժշտական տաղանդն ու արհեստավարժութիւնը:
Յայտագիրի գլխաւոր հիւրն էր տաղանդաւոր արուեստագիտուհի-դերասանուհի Վարսիկը:
Օրուան անակնկալը եղած է Շրջանային վարչութեան անդամ եւ հիւրընկալ Մկօ Փանոսեանի ելոյթը՝ «Ճշմարտութիւն Չկայ Ուրիշ» ազգայնաշունչ երգով, որ մթնոլորտը յագեցուց յաւելեալ ոգեւորութեամբ:
Յայտագիրի բոլոր մասնակիցները ելոյթ ունեցած էին կամաւորաբար, իրենց ներդրումը բերելու համար ՍԱՐՖի կողմէ կազմակերպուած սուրիահայութեան նուիրուած այն թելեթոնին, որ տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 21ին, Կիրակի յետմիջօրէի ժամը 2-8ի միջեւ:
Զօրավի՛գ կանգնինք Սուրիոյ հայութեան, յատկապէս՝ Հալէպին, որ ամէնէն աւելի՛ պատերազմի թատերաբեմ դարձաւ վերջին երեք տարիներուն՝ զոհ տալով երիտասարդ կեանքեր ու զոհ երթալով ազգակործանման դաւին:
Այս հայատրոփ գաղութը եղած է այն հայրենամերձ շրջանը, որ միշտ գրկաբաց ընդունած եւ անվարան օգնութեան հասած է իր հայրենակիցներուն. այժմ հերթը բոլորիսն է, Փետրուար 21ին:

Նիւթի աղբիւր՝ Ասպարէզ