image

«Հալէպին հարց պիտի տանք պիտի լքե՞ս կեանքը եւ միանա՞ս մեռեալ քաղաքներուն...» Սուրիացի լրագրողին 7 կէտերը

«Հալէպին   հարց  պիտի  տանք    պիտի լքե՞ս    կեանքը եւ միանա՞ս   մեռեալ   քաղաքներուն...» Սուրիացի լրագրողին   7   կէտերը

Սուրիացի լրագրող  Մոհամմէտ Քուժա  ուշագրաւ  նիւթ մը հրապարակած է Հալէպի  մասին։    Ան     հարցադրումով մը կը դիմէ իր ծննդավայր Հալէպին  եւ կ՚ըսէ ՝ «Հալէպ   քաղաքը  պիտի դառնա՞յ   «մեռած  քաղաք»։  Քոժա, որ  վստահ է  Հալէպի  կերտելիք յաղթանակէն   եօթ    պատասխան- կէտերով կ՚ամրագրէ  իր         տեսակէտները։

 Ստորեւ  թարգմանաբար  «Արեւելք»ի  ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Հալէպի մասին   սուրիացի   լրագրողին ուշագրաւ  դիտարկումները։

 

Հալէպ քաղաքը պիտի դառնա՞յ «մեռած քաղաք».-
1- «Մեռած քաղաք» կամ «մոռցուած քաղաք» հասկացողութիւնը կը պարուրէ Սուրիոյ հիւսիս արեւմտեան կողմը գտնուող հարիւրաւոր հնութիւններն ու քաղաքները, սկսելով հարաւէն՝ Աֆամիայէն մինչեւ հիւսիս՝ Քորշ:  Հալէպի շուրջ   կան  պատմական  նշանակութիւն ունեցող  տասնեակ   արուարձաններէն, որոնցմէ յիաշտակութեան  արժանի են ՝Ալ-Պարա, Ռուիհա, Ժիրատա, Սարճիլա, Պաուտա, Սամաան, Ալ-Մաշպաք, Քալպ-լոզա, Պարիշա, Ալ-Զաուիյա,   եւ Ալ-Աալա  շրանները։

2- Հալէպի  անուանումը պատմականօրէն կապուած է Սասանեան Պարսկական եւ Հռոմէական-Բիւզանդական կայսրութիւններու միջեւ ծագած բախումներուն հետ, Իսալամութենէ դեռ մէկ դար առաջ, երբ Քուսրա Անու Շիրվանը կարողացաւ   արեւելք ներխուժել ու աւերել բոլոր   քաղաքները 540 թուականին: Ան քանդեց նաեւ Անտիոքը, որ այն ատեն Սուրիոյ մայրաքաղաքն էր, ինչպէս նաեւ կործանեց Հալէպն ու շրջակայքը:

Սակայն ամէնէ դաժան պատերազմները տեղի ունեցան 7-րդ դարու սկիզբները, երբ Քուսրա Ապրուիզ   կարողացաւ  նուաճել Բիւզանդացիները  եւ  յաջորդական յաղթանակներ  կերտելով   իր զօրքերով  հասցոպց մինչեւ Պոսֆորի  ափ, որմէ ետք ալ գրաւեց Եգիպտոսն ու  արեւելքի մնացեալ   հատուածները : Այս պատերազմները տեւեցին մօտաւորապէս քառորդ դար մինչեւ 628 թուական եւ պատճառեցին հսկայական վնասներ ու աւերներ՝ քաղաքներ ոչնչացան, ձիթենիներ  մոխիր   դարձան, որոնք այդ շրջանի եկամուտի աղբիւր  էին, ինչպէս եւ որթատունկերը: Ի վերջոյ Բիւզանդացի Հերակլէս   կայսրը շրջանցելով Սասանեան բանակը, Սեւ ծովու կողմէն, կարողացաւ վերատիրանալ  այն  բոլորին-, որ կը գտնուէին  Սասանեան պարսիկներու   տիրապետութեան  տակ։

3- Քանի մը տարի անց, Իսլամ Արաբները սկսան քայքայել երկու մեծ կայսրութիւնները՝ Հռոմէական՝ Եարմուքի Պարսկական՝ Քատիսիէյի եւ Նահաուանտի մէջ:

4- Աւելի ուշ  Հալէպ  դարձեալ  դարձաւ   մեծ  պատերազմներու   թատերաբեմ  եւ  այս անգամ Բիւզանդացիք գլխաւորութեամբ  Նաքֆուր Ֆոքասի  աւերեցին  Հալէպն ու շրջակայքը 962 թուականին: Անոնք  դաժանօրէն սպանեցին   եւ աւերեցին,  գերեվարելով  12000 երիտասարդներ,  որոնք իբրեւ  ստրուկ տարուեցաւ   դէպի Կոստանդնուպոլիս։  
5- Հալէպի մեղքը ի՞նչ էր. ինչ որ կը դիմագրաւէ ան այսօր կը գերազանցէ ամբողջ պատմութեան ընթացքին անոր կրած տառապանքները: Ո՞վ կ'ուզէ Հալէպի պատմական ու տնտեսական ոչնչացումը, կամ նոյնիսկ աշխարհագրական բնաջնջումը: Ո՞վ շահագրգռուած է Հալէպի հասարակական համերաշխութիւնը քայքայելով, այն հասարակութիւնը, ուր տիրած է հազարաւոր տարիներու մշակութային ու ընկերային այլազանութիւնը: Ինչո՞ւ այս վայրագութիւնն ու աւերը:  Կարելի՞ է պարպել քաղաք մը իր հինգ միլիոն բնակիչներէն: Ո՞վ կ'օգտուի այս բոլորէն: Հալէպը արդեօ՞ք կը վերածուի մոռցուած քաղաքի մը, կամ կրկին կը բնակուի նոր ցեղերով:  

6- Հալէպը Սուրիոյ մէջ կատարուածին մէկ  փոքր   բայց կարեւոր  օրինակն է, սակայն ամէնէ ծանր օրինակը: Հալէպ տեսաւ սով, քաղց, պաշարում, աւեր, եւ  զրկանք ... Այսօր  հալէպցին  յայտնուած է  բարդ   դրութեան մը մէջ   եւ  քաղաքին  մէջ  գլուխ ցցած սղաճը  կը ստիպէ քաղաքացիին ենթարկուիլ ամէն տեսակի ստորացումներու: Այս առօրեան բնականաբար պիտի յանգեցնէ, որ երիտասարդ՝ուսեալ ու արհեստաւոր ուժերը լքեն քաղաքն ու հեռանան, որոնելու անյայտը օտար ափերու մէջ, նոյնիսկ մահուան գնով...  Օտար երկիրներ պիտի վայելեն այս ներուժը ու օգտուին անկէ: Իսկ շրջանային ու միջազգային ուժերը  օգտագործեն զանոնք  յանուն իրենց շահերուն:

7- Եւ վերջապէս հարց տանք Հալէպին, արդեօ՞ք պիտի լքես կեանքը ու միանաս մեռած քաղաքներուն, պիտի դառնա՞ս ուրուականներու քաղաք մը ՝  ամայի, առանց բնակչութեան: Այն ատեն Հալէպ պիտի պատասխանէ,- ես ուժեղ եմ աւելի քան այն բոլոր դժուարութիւնները՝ ոճիր, աւեր, աղքատացում ու տեղահանութիւն ու տարագրութիւն: Երբեմն կը վախնամ յուսահատելէ ի տես յարաճուն զրկանքին ու թալանին, տնտեսական, արդիւնաբերական ու առեւտրական փլուզումներուն, կարգ մը անբարոյ մարդոց ձեռամբ, որոնց չի հետաքրքրեր ո՛չ հայրենիքը, ո՛չ  երկիրը, ո՛չ քաղաքները եւ ո՛չ ալ գիւղերը: Բայց ինչպէս եկան ու անցան Ռեմոշներ ու Ֆոքասներ, Հոլաքոներ ու Լենկթիմորներ, այնպէս ալ պիտի անցնին ուրիշներ. բերդս միշտ զօրաւոր ու կանգուն պիտի մնայ ընդդէմ աշխարհի բոլոր բռնակալներուն:  

Ո՛չ, ես մեռած քաղաք մը չեմ ըլլար, ոչ մէկը կրնայ զայն իրականցնել:

 

«Արեւելք»ի  համար   արաբերէնէ թարգմանեց՝ Թ.Գ.