image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ պիտի վճռուի Սուրիոյ ճակատագիրը

Հալէպի  մէջ պիտի  վճռուի  Սուրիոյ ճակատագիրը

 Վերջին  օրերուն     միջազգային   լրահոսին գլխաւոր    առանցքը Հալէպի մէջ տեղի ունեցող  զարգացումներն են:  Սուրիոյ մէջ   անցնող  Փետրուարէն   ի վեր հաստատուած հրադադարը գրեթէ փուլ եկած է ու   մասնաւորապէս Հալէպը        յայտնած է  կրակէ օղակի  մը մէջ: Ուշագրաւ է նաեւ, որ  72  ժամ առաջ  յայտնի դարձած  Ռուս- ամերիկեան   փոխահամաձայնութեան  մէջ,  որ կը շեշտէր առկայ հրադադարի   ամրացման      կարեւորութիւնը   Դամասկոսի ու Լաթաքիոյ  մէջ  Հալէպի  մասին երբեք խօսք չկայ:  Այսուհանդերձ արիւնով եւ կրակով    պաշարուած    Սուրիոյ  սրտին   մէջ   այսօր  կը վճռուի   երկրի  ապագան:  Այս առումով պէտք է      հաշուի առնել Թուրքիոյ նախագահին ու վարչապետին Հալէպի դէպքերուն առընթեր  ըրած վերջին յայտարարութիւնները: Մինչ Էրտողան կը խոստանայ  գրաւել Հալէպը, անդին Տաւութօղլու  չի թաքցներ,   իր  ատելութիւնը    Հալէպը  «հարուածողներուն»    դէմ:Բացի  անկէ, որ այս  քաղաքական դէմքերը կը  փորձեն մոռացութեան տալ  իրենց նախնիներուն  Հալէպի հետ   ունեցած  խայտառակ պատմութիւնը եւ արաբները   ամէն գնով ճզմելու օսմանեան քաղաքականութիւնը,  անոնք  այսօր հակառակ բոլոր   սուրիական  ճակատներուն վրայ  իրենց կրած  պարտութեանց  կը փորձեն   անգամ մը եւս արեան գնով  գետնի   վրայ նոր     «յաղթանակներ   կերտել»:  Բոլոր ժամանակներէն աւելի  այսօր Սուրիան կանգնած է   կարեւորագոյն փորձաքարի մը  առջեւ ու Հալէպը  փրկելու օրակարգը     առաջնային է: Հալէպով Սուրիան  հզօր է ու առանց Հալէպի գունաթափած ու անսիրտ:

 Մտահոգիչը  այն է, որ    արաբական  աշխարհի առաջատար տէրութիւնները  կը շարունակեն  իրենց      խաղաքարտերը  ուրիշներու ձեռքին մէջ պահել ու լուռ հանդիսատես    դառնալ իրենց «եղբայրներու»  արիւնահոսման:

Քաղաքական  հաշուարկներուն մէջ    տեղ գտնողը   արենակցական   կապերը չեն, այլ  շահադիտական  մօտեցումներն ու  խոստացուած նաւթատար  խողովակներու   գործարքները, որոնց  պատճառով այսօր   Սուրիան    դարձաւ  քաղաքակիրթ  յորջորջուած     արեւմուտքի   թշնամին:

 Յիշեցման  կարգով  միայն   պէտք է նշել, որ նոյն թշնամի Սուրիան     առաջատար դեր ունեցաւ 1991-ին Քուէյթը Սատտամ Հիւսէյնի ճիրաններէն ազատագրելու   պայքարին մէջ:

  Հալէպը արիւնաքամ ընելու  ընթացքը  քաղաքական   նոր օրակարգի մը սկիզբն է,  որ   պիտի  փշրուի Հալէպի  պարիսպներուն  առջեւ: Սուրիան մասնատելու   փորձերը     կրնան շարունակուիլ, սակայն  կարեւոր է հասկնալ,որ 2011-էն    ի վեր  քաղաքակիրթ  համարուող   արեւմեան   աշխարհին դէմ առանձինն  մաքառող  այս երկիրը  ինչ ունի ըսելիք աշխարհին:

Խմբ.