Շաբաթ 23 Յունուար, 2016-ին, Հալէպի Իսլամ Ղեկավարութիւնը, գլխաւորութեամբ Հալէպի Մուֆթի՝ Մահմուտ Աքքամի, պաշտօնական այցելութիւն կատարած է Հայ Աւետարանական Համայնքի նախագահ, Վեր. Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեանի մօտ: Հանդիպման հիմնական նպատակը եղած է գնահատել Վեր. Համայնքապետին ջանքերը Քրիստոնեայ–Իսլամ համագործակցութեան կապակցութեամբ: Հանդիպման աւարտին, որպէս երախտագիտութիւն, Իսլամ Ղեկավարութեան կողմէ Վեր. Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեանին փոխանցած է երկու կրօններու միջեւ եղբայրութիւնը խորհրդանշող գնահատանքի վահան:

