image

Հալէպի «Հայ Ալ Սապիլ» Շրջանը Ծանրօրէն Ռմբակոծուած. Զոհերուն Մէջ Կայ Քառանդամ Ընտանիք Մը

Հալէպի «Հայ Ալ  Սապիլ» Շրջանը Ծանրօրէն  Ռմբակոծուած. Զոհերուն Մէջ Կայ  Քառանդամ Ընտանիք Մը

Սուրիա- Հալէպի   «Հայ Ալ Սապիլ» շրջանը      ծանրօրէն ռմբակոծուած է: Այս  մասին    տեղեկութիւնը  ճշդեցինք Հալէպի   «Շապաքաթ Ալ Զահրաա» էջէն: Աղբիւրը նաեւ յայտնած է, թէ հրթիռարձակումներուն հետեւանքով  չորս  անձերէ բաղկացած ընտանիք մը զոհուած է:  Նշենք, որ «Հայ Սապիլը» հայկական  թաղամաս մը չէ,  սակայն չի բացառուիր, որ շրջանին մէջ հայեր  եւս ապրին: Տեղադրած ենք  զոհ գացած ընտանիքի անդամներէն  կրտսերագոյնին՝    Եուսէֆ Աաուատին լուսանկարը, որ  իր հօր, մօր  եւ  եղբօր հետ  սպաննուած է ահաբեկիչներու հրթիռարձակումին  հետեւանքով: