image

Հալէպի Բերդին Դռան Մօտ Մեծ Պայթում. Զոհեր Չկան

Հալէպի Բերդին Դռան  Մօտ Մեծ Պայթում. Զոհեր Չկան

 Սուրիա- Հալէպի բերդին  մօտ   պայթում մը գրանցուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք  Հալէպի մեր աղբիւրներէն: «Արեւելք»ի   աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ  պայթումը տեղի  ունեցած է Հալէպի   պատմական բերդի  գլխաւոր դռան մօտ եղող  նկուղի մը մէջ:  Պայթումը  պատճառած է    նիւթական  մեծ վնասներ: Մարդկային  զոհեր չեն արձանագրուած: