image

Հալէպ նշած է իր ազատագրման 3-րդ տարեդարձը

Հալէպ նշած է իր ազատագրման   3-րդ տարեդարձը

Հալէպ  քաղաքը   նշած է  ահաբեկիչներու ճիրաններէն  ազատագրուելու  3-րդ տարեդարձը։

 Այս  մասին տեղեկութիւնը կը  հաղորդէ  Սուրիոյ  «Սանա»  լրատուական  գործակալութիւնը նկատել տալով, որ Հալէպ  քաղաքի ազատագրումը     նոր դուռ մը բացաւ  Սուրիոյ  վերականգման ճամբուն վրայ։

 

 Ըստ  «Սանա»ի   լրագրող    Ատնան  Ալ Ախրասին     Սուրիոյ բանակին  համընդհանուր ճիգերուն շնորհիւ երեք տարի առաջ  այս օրերուն կարելի եղաւ    ազատագրել  Հալէպ  քաղաքի    գիւղական հատուածներու     90 առ   հարիւրը (երեք տարի առաջ այս օրերուն ազատագրուած  գաւառներուն եւ գիւղերուն   թիւը հասաւ    84-ի) ,  եւ   ազատագրուած   տարածքները  կը   հասնէին  շուրջ     600    քառակուսի քիլոմեթրի։

 

 Լրագրողը նաեւ նկատել  կու տայ, որ Սուրիոյ բանակի       նուիրական  ճիգերուն եւ երկու ամիս  տեւած մեծ   պատրաստութիւններէ    ետք կարելի եղաւ  Հալէպը   դարձնել  ապահով եւ անվտանգ  տարածք     եւ       քաղաքը    վերադարձնելով  իր  անցեալի       անվտանգ դրութեան։

 

 Յիշեցնենք, որ Հալէպի ծայրամասային կարգ մը շրջաններ  մինչեւ այս պահը կը շարունակեն մնալ ահաբեկիչ զինեալներու տիրապետութեան  տակ,    ու աւելի քան բացայայտ է, որ Սուրիոյ իշխանութիւններուն  յառաջիկայ  ծրագիրներու առաջին   եւ հիմնական օրակարգերէն մին է   Հալէպն ամբողջութեան  ազատագրել  եւ    վերաբանալ քաղաքի    միջազգային օդակայանը։