Այսօր յետմիջօրէին հրթիռներ ինկած են Հալէպի «Շարէհ ալ իզահա» եւ քաղաքի համալսարանի գլխաւոր շէնքին մօտակայքը։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Շապաքաթ ախպար» էջը։
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ հրթիռարձակումներուն հետեւանքով վիրաւորուած են երեք անձեր եւ գրանցուած է նիւթական մեծ վնասներ։
Յիշեցնենք, մէկ ամիսէ ի վեր Հալէպի խաղաղ բնակչութեան շրջաններ թիրախ կը դառնան ահաբեկչական հարուածներու։
Ըստ նախնական տուեալներու Հալէպը թիրախ դարձնող ահաբեկչական խմբաւորումները տեղակայուած են Հալէպի ծայրամաս համարուող «հայ ալ ռամիտին» շրջանին մէջ։