image

Հալէպ. Հրթիռներ ինկած են «Թէլէֆոն հաուայի» եւ «Սուլայմանիյէ» թաղամասերուն վրայ (Լուսանկարներ)

Հալէպ. Հրթիռներ ինկած են  «Թէլէֆոն հաուայի» եւ  «Սուլայմանիյէ»  թաղամասերուն վրայ (Լուսանկարներ)

Հալէպի «Թէլէֆոն հաուայի» եւ «Սուլայմանիյէ» թաղամասերը այսօր հրթիռարձակման ենթարկուած են: Այս մասին  լուրը տուած  է լրագրող  Քինանա  Ալլուշը: Լրագրողը, որ նաեւ  իր դիմատետրի էջին դէպքի վայրէն լուսանկարներ   տեղադրած է, գրած է, որ խաղաղ բնակիչներու տուներուն վրայ ինկած հրթիռներուն հետեւանքով մարդկային զոհեր չեն գրանցուած:

 

Նշենք, որ ամիսներէ  ի վեր այս առաջին դէպքն է,  որ կը գրանցուի Հալէպի մէջ: Կը  հաղորդուի նաեւ, որ Սուրիոյ  բանակի զօրասիւններ թէժ մարտեր կը մղեն  Հալէպի արեւմտեան արուարձաններուն ու յատկապէս Սարաղէպ  աւանին   մերձ,  ուր կը գտնուին ահաբեկիչ զինեալներու կեդրոնատեղիներ: