Անցած գիշեր Արցախեան սահմանին, հակառակորդը՝ տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ՝ ներառեալ դիպուկահար հրացաններէ՝ հրադադարը խախտած է շուրջ 50 անգամ` հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 500 կրակոց:
Ատրպէյճանական զինուժը դիպուկահար հրացաններէ առաւել շատ կրակ բացած է սահմանագծի հարաւարեւելեան եւ արեւելեան հատուածներուն վրայ` արձակելով 86 կրակոց:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը հակառակորդի նախայարձակ աշխուժութիւնը ճնշելու համար դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ շարունակած վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն: