Լոս Անճելըս ապրող արձակագիր Խորէն Արամունի սրտի վիրաբուժութեան ենթարկուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք գրողի Ֆէյսպուքեան էջէն: Արամունի նաեւ կը յայտնէ, որ բժիշկները անոր սրտի անբաւարարութիւնը կանխելու համար յատուկ սարք մը տեղադրած են: Թեհրան ծնած գրողը, որոշ ժամանակ մը Հայաստան ապրելէ ետք հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ: Անոր գրականութեան առանցքը կը կեդրոնանայ Ամերիկայի հայկական կեանքին եւ հոն հաստատուած հայերու բարքերուն վրայ: