Երեքշաբթի, 17 Յուլիս, 2018,
Երէկ աւարտեցաւ մեր միամսեայ այցելութիւնը Թորոնթօ։ Ետին ձգեցինք երկու զաւակ, երկու հարս, եւ չորս թոռներ, քոյր եւ եղբայրներ...
Այս այցելութիւնը ունէր շատ խիտ ժամանակացոյց, հագեցած էր պիտի ըսէին հոս։ Ներկայ եղանք հարսանիքի մը (եղբօրս տղան¤, մահուան տարելիցի մը (սիրելի ընկերոջ մը¤, երգահանդէսի մը (հայաստանէն եկած Միքայէլ Ոսկանեան եւ ընկերներու նուագախումբը¤, ժողովրդական զեկոյցի մը (կրկին Հայաստանէն եկած կառավարական պատուիրակութեան մը կողմէ, գլխաւորութեամբ փոխ վարչապետ Տիգրան Աւինեանի¤, շրջանաւարտից հանդէսի մը (ՀՕՄ-ի Հայկական վարժարանի միջնակարգի¤, ընտանեկան բազմաթիւ հաւաք-ճաշկերոյթներու։ Նշեցինք երկու տղաներուս եւ հարսերուս ամուսնութեան տարեդարձները, փոքր տղուս Վազրիկի տարեդրաձը, մեր թոռներուն հետ լաւ ժամանակ անցուցինք եւ հազիւ ընտելացած իրենց հետ, հրաժեշտ տուինք անոնց։ Եղանակը ընդհանրապէս բարենպաստ էր, արեւոտ, երբեմն ալ բաւական տաք։ Վերադարձի ճամբան բռնեցինք, գոհ, որ տուն կը վերադառնանք, սակայն հրաժեշտ տալով մեր անմիջական սիրելիներուն։
Այս անգամ, թերեւս տարիքի բերումով, ամէն քայլափոխի յուշ մը կը ծառանար մեր մէջ։ Այս քաղաքին մէջ անցուցած ենք մեր կեանքի 40 տարիները։ Հոս աշխատավայր մը, հոն մեր հին տունը, շուկան ուր ամէն շաբաթ կ’այցելէինք, մահացած ընկերոջ մը տունը, Հայ կեդրոնը, ուր կանոնաւորապէս կ’այցելէինք, գրադարանը ուր տարիներ կամաւորաբար աշխատած եմ, մեր դպրոցը, մեր առաջին յարկաբաժինը... Այս յուշերը պատճառ կ’ըլլային որ ամբողջ կեանք մը լքած ըլլալու զգացումը համակէր զիս։ Մարգարը, սակայն բոլորովին այլ մօտեցում ցոյց տուաւ։ Իր մօտ Ուշին լքած ըլլալու զգացումը աւելի զօրաւոր էր։
Աւարտեցի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի «Երկրի Հակառակ Կողմը» վէպի ընթերցումը։ Բացառիկ պատեհութիւն է իմանալ երկրի մը ղեկավարին աշխարհահայացքը, կեանքի փիլիսոփայութիւնը, մեր երկրին ու պետականութեան հանդէպ իր մտածումներն ու զգացումները, մանաւանդ երբ վէպը գրուած է տասը տարիներ առաջ, երբ երկրի ղէկը տակաւին ուրիշներուն կը պատկանէր։ Հետաքրքրական էր մանաւանդ, որ հոն կը խօսուի յեղափոխութիւն յաջողցուցած մարդոց իշխանութիւն դառնալու գայթակղութեան չդիմակայելու մասին եւ Չէ Կիւվերան գովասանքով կը նշուի որպէս միակը, որ յեղափոխութենէն ետք իշխանութիւն չէ դարձած... Մեր վարչապետն ալ չդիմացաւ այդ գայթակղութեան եւ չկրցաւ կրկնել Չէ Կիւվերայի օրինակը...
Արժէ այս գիրքը կարդալ։
Տղաս՝ Յովիկը վերջին քանի մը տարիներու անգլիագիր մրցանակակիր արձակը բերաւ տուն, հաւանաբար նկատելով, որ Հայաստնի մէջ ան այլեւս մատչելի չէ ինծի։ Առաջինը կարդացի ամերիկացի գրող J.D. Vance-ի Hillbilly Elegy-ին, որ յուշագրութիւն մըն է Արեւելեան Ամերիկայի պարզունակ եւ աղքատ ժողովուրդին մասին ուր ընտանեկան ամուր կապերը կը դառնան փրկութեան գլխաւոր օղակները։ Երկրորդը՝ անգլուհի Fiona Mozley-ի Elmet վէպն էր, որ անգլիագիր արձակի ամենակարեւոր մրցանակի՝ Man Booker-ի 2017-ի կարճ ցանկին վրայ յայտնուած էր, հակառակ հեղինակի առաջին վէպը ըլլալուն։ Այս վէպն ալ կեանքի լուսանցքէն դուրս ապրող մարդոց մասին է, ուր ընտանեկան հաւատարմութիւնը կեդրոնական թեմա է։ Ապա կարդացի ամերիկացի գրող Paul Beatty-ի The Sellout վէպը որ արժանացած է 2016-ի Man Booker մրցանակին։ Հեղինակը սեւամորթ է եւ գիրքը Գալիֆորնիայի փոքր քաղաքի մը սեւամորթներու կեանքի մասին է։ Այս գրքի մասին գրուած գրախօսականները զայն կը նկատեն երգիծական եւ նուրբ հեգնական, սակայն հերոսներուն հոգեբանութիւնը եւ իրենց կեանքի խեղճ պայմանները երբեք զուարճալի չթուեցան ինծի։ Չորրորդը՝ գանատացի գրող Joseph Boyden-ի Three Day Road-ն էր։ Այս հեղինակի մէկ այլ գիրքը արժանացած է գանատական արձակի լաւագոյն մրցանակին՝ Giller-ին։ Այս պատմական վէպի հերոսները Գանատայի բնիկներն են։ Կեանքի եւ պատերազմի դաժանութեան մասին, բնիկներու եւ եւրոպական արժէքներու տարբերութեան ու բախումի մասին է։ Լուսանցքին վրայ յայտնուելու մասին է այս գիրքն ալ։ Այպէս կ’երեւի, որ կապ չունի, որ ո՜ր երկրին մէջ կ’ապրիս,Միացեալ Նահանգներ, Գանատա թէ Անգլիա, լուսանցքին վրայ յայտնուողները չեն պակսիր... Այսօրուան արձակը անոնց մասին կը թուի ըլլալ..
Ամէնէն տպաւորիչը եւ տարբերը սակայն ամերիկացի պատմուածքագիր George Saunders-ի Lincoln in the Bardo վէպն էր որ արժանացած է 2017-ի Man Booker մրցանակին։ Փորձառական նկատուող այս պատմական վէպը, որ կը յենի իսկական եւ շինծու մեջբերումներու վրայ օրուան մամուլէն եւ յուշագրութիւններէն, եւ որուն գլխաւոր նիւթը Ամերիկայի նախագահ Աբրահամ Լինգոնի զաւկի կորուստն է, կը թաւալի գերեզմանատան մը մէջ եւ միայն մէկ գիշեր ժամանակահատուածով... Այս կեանքէն դէպի անդենական ճամբուն միջեւ բռնուած ոգիներու պատմութիւնն է, որոնց երկրային իղձերը անկատար մնացած ըլլալով կը մերժեն միանալ յաւերժին... Այս գիրքը մէկ շունչով կարդալու կը ստիպէ ընթերցողը։ Պատմուածքներ գրող հեղինակի առաջին վէպն է։
Հետեւեցանք մեր Հայրենիքի իրադարձութիւններուն, որոնք աղմկայարոյց եւ զայրացնող էին։ Ոմանք, ըստ երեւոյթին «օլիկարգ» բառին նոր իմաստներ կիրառած էին։ Քաղաքականութեան միջոցով շահոյթի տիրանալու կողքին անոնք անխնայ գողցած էին պետութենէն, ժողովուրդէն, նոյնիսկ բանակէն... Ցոյց տրուած տեսերիզները նողկանքի զգացում կը յառաջացնէին... Բացայայտում բառը եւս նոր եւ բացասական իմաստ ստացաւ... Արդեօ՞ք խիղճ բառը մարդկային յերիւրանք է եւ բոլորովին բացակայ ոմանց մօտ...
Փարիզի վրայով վերադարձանք։ Ճամբորդութեան երկրորդ մասը՝ Փարիզէն Երեւան, օդանաւը լեցուեցաւ հայերով։ Քովս նստող միջին տարիքի կինը Էջմիածնէն Ֆրանսա գաղթած է 12 տարի առաջ։ Կը բնակի Րէն քաղաքին մէջ։ Երեւան կու գայ այցելելու իր ընտանիքը։ Մեր միջեւ ծաւալած խօսակցութեան ընթացքին, որը իր ներկայ ապրելակերպը գովելու վրայ կը կեդրոնանար, զայն հակադրելով հայաստանեան պայմաններուն, համբերութիւնս երկար չտեւեց։ Քիչ մը անցնելով քաղաքավարութեան սահմանները, ըսի, որ ամէն մարդ իրաւունք ունի ընտրելու իր ապրած տեղը եւ կենսակերպը, բայց ինքնախաբէութեամբ պէտք չէ զբաղուիլ։ Պետութիւնը ինծի տուն տրամադրեց, կը նշանակէ որ նպաստընկալ ես եւ ուրիշի աշխատանքով եւ մուծած տուրքով կ’ապրիս, երբեմն չորս ժամ ճամբորդելով դէպի Փարիզ հայկական եկեղեցի այցելելը չի բաւեր թոռնիկին հայկական ինքնութիւն ապահովելու համար, խօսակցական հայերէնը չի բաւեր արմատներուն ամուր կառչելու համար, եւայլն, եւայլն... Եթէ կեանքի նպատակը աւելի լաւ տուն եւ աւելի լաւ ինքնաշարժ է միայն, ճիշդ որոշում կայացուցած են։ Ճամբորդակիցս քիչ մը շշմեցաւ։ Պատասխան չգտաւ։ Հաւանաբար առաջին անգամն էր, որ իր պատմածները հարցականի տակ կը դրուէին։
Երեւանի օդակայանը մեզի կը սապսէին Վալդերն ու Արմանը, իսկ տունը Հիլտան եւ Լաուրան։ Սեղան դրած էին եւ հաճելի զրոյցով վերադարձանք մեր առօրեային։
Չորեքշաբթի, 18 Յուլիս, 2018
Դեռ ճամպրուկները ամբողջութեամբ չպարպած, սկսան մեր հարեւաններու բարի եկարի այցելութիւնները։
Մարգարը առաջին առթիւ կ’իջնէ այգի աչքէ անցընելու զայն։ Մեր բացակայութեան Վալդերը ամէն ինչ ըրած է անոր խնամքը իրականացնելու համար։ Կերասներու ժամանակը արդէն անցած է։ Աման մը կերաս հաւաքած են եւ պահած սառնարանին մէջ մեզի համար։ Շալախ տեսակի ծիրաններն ալ արդէն պէտք եղածէն աւելի հասունցած են, բայց անոնց մէկ մասը ծառերուն վրայ ձգած են, որպէսի տեսնենք զանոնք։ Մէկ մասը թափած է ծառերուն տակը։ Շուտով պէտք է հաւաքել զանոնք, կ’ըսէ Վալդերը։ Այս տարի բերքը շատ առատ եղած է։ Մէկ մասը հաւաքած եւ Ուշի այցելած բարեկամներու բաժնած են արդէն։ Շուտով պէտք է անցնիմ չիր պատրաստելու, փրկելու համար մնացածը...
Հինգշաբթի, 19 Յուլիս, 2018
Առաջին հերթին չիրի կը վերածեմ կերասները։ Անոնք «եզան աչք» կոչուած խոշոր մուգ կարմիր տեսակն են։ Ապա կ’անցնիմ շալախ տեսակի ծիրաններու կորիզահանման։ Շատ հասունները լաւաշի կը վերածեմ (պաստեղ պիտի ըսէինք մենք) եւ մնացածը չիրի կը վերածեմ։ Ափսէները կը շարենք արեւին տակ...
Այսօր մեզի այցելութեան կու գայ թորոնթոցի Արմէնը։ Ամէն տարի, մեր գիւղի դպրոցի առաջին դասարաի աշակերտնրուն համար գրենական պիտոյքներու կապոցներ կը պատրաստէ Արմէնի կինը՝ Այտան։ Այս տարին ալ բացառութիւն չէ։ Թէեւ այս տարի Այտան չէ եկած, սակայն պիտոյքները կը հասնին։ Սեպտեմբեր 1-ին զանոնք կը յանձնենք առաջին դասարանցիներուն։
Արմէնը ներկայ եղած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադիրներէն՝ Արամ Մանուկեանի արձանի բացման հանդիսութեան, որ տեղի ունեցած է անցեալ Երկուշաբթի օրը։ Մենք տակաւին Թորոնթօ էինք։ Բացումը եղած է յաւուր պատշաճի, վարչապետի, կաթողիկոսի եւ այլ բարձրաստիճան հիւրերու ներկայութեամբ։
Երեկոյեան Վալդերենց կ’երթանք, թոռանը՝ Հայկին երրորդ ամսեդարձը նշելու։ Կը հիանամ Վալդերի իր թոռան հանդէպ ցուցաբերած հոգածութեան եւ խնամքին վրայ, որը անսովոր է մեր գիւղին մէջ, մանաւանդ քանի մը ամսական երախայի հանդէպ։
Ուրբաթ 20 Յուլիս, 2018
Տասնըմէկ տարի առաջ մեր տնկած խնձորենիներու տեսակը այնքան ալ լաւ չէր, ուստի քանի մը տարի առաջ զանոնք պատուաստելու դիմեցինք, աւելի լաւ խնձորներու տեսակին փոխելու նպատակաւ։ Այս տարի անոնք առատ բերք տուած են, բայց պատուաստողը մեծամասնութիւնը վաղահաս խնձորենիներու վերածած է... Այս խնձորներն ալ արդէն պէտք եղածէն աւելի հասունցած են։ Այսօր կը սկսիմ զանոնք խնձորի լաւաշի վերածելու։ Մինչ մեր սալորները, ծիրանները եւ դեղձերը արտակարգ են, խնձորի տեսակէտէն բախտաւոր չեղանք...
Շաբաթ, 21 Յուլիս, 2018
Հիլտայի եղբայրը՝ վարդանը եւ կինը՝ Ֆիմին, մեր բացակայութեան ժամանակ Լոս Անճելսէն այցելութեան եկած են։ Արդէն շուտով պիտի վերադառնան։ Այսօր Ուշի կ’այցելեն։ Օրը միասին կ’ացնենք։ Պէտք է ըսել, որ մեր կենցաղի նուազ հեւքոտ կշռոյթը, մարդոց եւ բնութեան անմիջականութիւնը, ոմանց կը հմայէ եւ ոմանց ալ ձանձրացուցիչ կը թուի։ «Օրը ինչպէ՞ս կ’անցընէք» հարցումը յաճախ կը տրուի մեզի, որուն միշտ կը պատասխանենք «շատ արագ»։ Անկարելի է մեր կեանքի որակը բացատրել բառերով։ Երկար տարիներ մեքենայացուած կեանքի զոհեր դարձած ըլլալով, այս հեռաւորութենէն տարբեր հայացքով կը նայինք անոր եւ անդիմադրելի փափաքը ունինք նոյն հարցը տալու մեր այցելուներուն, սակայն կը հրաժարինք անկէ... Վարդանը եւ Ֆիմին կը գնահատեն մեր ընտրութիւնը, կը տեսնեն անոր առաւելութիւնները, սակայն չեմ կարծեր, որ նման ապրելակերպ ընտրելու ցանկութիւն ունին։
Կէսօրէն ետք, մեզի այցելութեան կու գան հինգ երիտասարդներ։ Մարգարին եղբօրը աղջիկը՝ Նայիրին, եկած է Թորոնթոյէն, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան կողմէ հովանաւորուած Վանաձորի ամենամեայ ամառնային ճամբարը ղեկավարելու։ Իր հետ են, Մոնթրէալէն եւ երեւանէն հասակակից միութենականներ, որոնք միասին Վանաձոր կ’երթան Երկուշաբթի օր սկսուող ճամբարը կազմակերպելու։ Ճամբուն վրայ կը հանդիպին մեզի։ Այս երիտասարդներուն հետ զրոյցը շատ շահեկան է։ Անոնցմէ մէկը սուրիահայ է եւ վերջերս Մոնթրէալ գաղթած է իր ծնողներուն հետ։ Դժգոհ է անոնց որոշումէն։ Չի կրնար հասկնալ, որ անոնք թէեւ երբեք Հայաստան չեն այցելած ինչո՞ւ լաւ կարծիք չունին երկրին մասին։ Մէկ ուրիշը կրկին նախկին սուրիահայ է, այժմ երեւանաբնակ եւ հակառակ իր շրջապատի դժգոհութեան կ’աշխատի շուտով Հայկական քաղաքացիութիւն ձեռք ձգել, որպէսզի Հայկական բանակին մէջ ծառայէ... Կը զարմանայ, որ սուրիահայերը ընդհանրապէս համաձայն են իրենց զաւակներուն սուրիական բանակին մէջ ծառայելուն, բայց յաճախ կը խուսափին հայկական բանակի ծառայութենէն... Բնիկ երեւանցիները լռութեամբ կը հետեւին այս խօսակցութեան առանց մասնակցելու։ Եթէ մենք սփիւռքահայերս մենք մեզ չենք կրնար հասկնալ, սփիւռքի տուայտանքներուն անծանօթ այս երիտասարդները ինչպէ՞ս հասկնան...
Այսօր Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի (Հայ Մրմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն) հիմնադրման 100-ամեակի նուիրուած տողանցքը Երեւանի մէջ։ 1200 երկսեռ սկաուտներ հոս ժամանած աշխարհի չորս ծագերէն հպարտ տողանցեցին Երեւանի փողոցներով։ Շատ պիտի ուզէինք ներկայ ըլլալ, սակայն գոհացանք հեռատեսիլով եւ համացանցով դիտելով...
Կիրակի, 22 Յուլիս, 2018
Արդէն հասունցած են արջան տեսակի ծիրանները։ Գիւղատնտես Վարդանը կ’ըսէ, որ այս տեսակի ծիրանը հայերէնով թափարզի կը կոչուի, բայց ոչ ոք կ’օգտագործէ այս բառը։ Ի տարբերութիւն ծիրանի շալախ տեսակին, անոնք կլոր են, աւելի մուգ եւ կարմրաթուշ։ Այսօր զանոնք ալ լաւաշի եւ չիրի կը վերածեմ։
Այսօրը նշանաւորուեցաւ յոռդարատ անձրեւներով։ Այգին ջրելու մասին մտահոգուելու կարիք չկայ...
Կը սորվիմ ջրիմուռ բառը։ «Բեղմնիկաւոր ջրային բոյս, որ կը տարբերուի միւս ջրաբոյսերէն արմատներու, ցօղունի եւ տերեւներու բաժանման բացակայութեամբ»,- կ’ըսէ բառարանս։ Այս տարի այս բոյսի առատութիւնը Սեւանայ լիճի որոշ հատուածներուն մէջ, կապուտակ Սեւանը դարձուցած է կանաչորակ... Պատճառը կլիմայական պայմանները կը նկատուին... Յստակ չէ, որ այս հատուածներուն մէջ կարելի՞ է լողալ թէ ոչ։ Կան դեր եւ դէմ կարծիքներ։
Երկուշաբթի, 23 Յուլիս, 2018
Հարեւան Արտաշի այգիին անկիւնը դրօշ մը դրած ենք, որպէս ուղեցոյց մեր տունը այցելել ուզողներուն։ Դրօշի մօտէն ձախ դարձէք,- կը պատուիրենք մենք։ Մեր բացակայութեան այս դրօշը անմխիթար վիճակ մը ստացած էր։ Երէկ, պատռտած դրօշին մօտէն ձախ դարձէք,- ըսելու ստիպուած եղանք։ Այսօր Աշտարակ կ’իջնենք դրօշ գնելու։
Երեւանի Վերնիսաժ տօնավաճառի տեսականին հոս չկայ։ Դրօշները լաւ որակ չունին, բայց պատռտած դրօշը անմիջապէս փոխելու հրամայականը այլընտրանք չունի...
Ճամբուն վրայ կը հանդիպինք Պասկալ եւ Դէոդատօ սրճարանը։ Մեզ կը դիմաւորեն երկար բացակայած հարազատներու նման։
Երեքշաբթի, 24 Յուլիս, 2018
Մեր վերադարձէն ի վեր առաջին անգամ կ’երթանք Տալմայի շուկան։ Երեւան Սիթի կոչուող գերշուկան (supermarket), անճանաչելի դարձած է։ Անոր զբաղեցուցած տարածքը գրեթէ կիսուած։ Զարմանքով կը նկատենք, որ տեսականին կրճատուած է եւ վերդասաւորուած, դժուարացնելով հարկ եղած ապրանքները գտնել։ Այս գերշուկաներու ցանցի տէրը վերջերս քանի մը խնդրահարոյց հարցերով գրաւեց լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը։ Չեմ գիտեր եթէ այս փոփոխութիւնը կապ ունի քաղաքական գործընթացներու կամ չարաշահումներու բացայայտման հետ...
Չորեքշաբթի, 25 Յուլիս, 2018
Մեր շրջանի կլիման յարմար չէ ոչ թզենի եւ ոչ ալ Նռենի աճեցնելու համար։ Սակայն, մենք երեք թզենի եւ երեք նռենի ունինք մեր այգիին մէջ։ Անոնք յատուկ խնամքի կ’արժանանան ձմրան ցուրտէն պաշտպանուելու համար։ Խոր աշնանը կը փաթթուին կտաւով եւ գարնանը կրկին կ’արձակուին։ Կան տարիներ, որ քանի մը թուզ ուտելու բախտը ունեցած ենք, բայց նռենին ցարդ մէկ նուռ տուած է... Այս տարի սակայն, հաւանաբար մեղմ ձմրան, կանուխ գարնան եւ շոգ ամրան պատճառաւ պատկերը տարբեր է։ Թզենիները առատ բերք ունին։ Նռենիներն ալ անդադար ծաղիկ կու տան, թէեւ մինչեւ հիմա անոնցմէ միայն մէկը նուռի վերածուեցաւ։ Նռենիին ծաղիկները վառ նարնջագոյն են եւ շատ գեղեցիկ։ Նոյնիսկ եթէ բերքի չվերածուին հիանալի տեսք ունին։ Ուրախ ենք, որ տասը տարիներէ ի վեր յամառութեամբ մշակած մեր ծառերը այս տարի վերջապէս արձագանգեցին...
Եղանակը չափազանց տաք է (շոգ է պիտի ըսէին հոս¤։ Այգիին մէջ աշխատանք տանիլը անկարելի է։ Մարգարը ծաղիկները եւ բանջարանոցը ջրելէ զատ շատ բան չի կրնար իրականացնել։ Կ’ափսոսայ որ խոտերը չի կրնար կտրել, չորցած ծաղիկները չի կրնար յօտել եւ կարգ ու կանոն հաստատել այգիին մէջ։ Արդեօ՞ք Օգոստոսն ալ այսպէս տաք պիտի ըլլայ։
Հինգշաբթի, 26 Յուլիս, 2018
Մեր հիւրերը թորոնթոցի Արան, Թամարը եւ իրենց զաւակները Արին եւ Դալինն են։ Եղանակը կ’արտօնէ, որ մեր տան ետեւի գաւիթը նստինք եւ շաղակրատենք։ Այս երիտասարդ զոյգը իրենց զաւակները Հայաստանով խանդավառելու համար ճիգ չի խնայեր։ Թորոնթօ հաստատուեցան, իրենց զաւակները հայկական վարժարան ուղարկելու համար, թէեւ իրենց աշխատանքը ծոցի երկիրներուն մէջ էր... Արին այս տարի հայկական վարժարանի ութերորդ դասարանի շրջանաւարտ է։ Թէեւ հայախօս, հաերէնի դժուարութիւններ ունեցած է սկիզբը։ Կ’ըսէ, որ հիմա, Հայաստան այցլութենէն ետք, աւելի հաստատակամ է հայերէնը աւելի լաւ իւրացնելու համար...
Նման ընտանիքներու մօտեցումները, հայկականութեան եւ արմատներու հանդէպ բծախնդրութեան տեսակէտէն, կ’ուրախացնեն մեզ։
Ուրբաթ, 27 Յուլիս, 2018
Այսօրուան գլխաւոր լուրը ՀՀ երկրորդ Նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի մասնակցութեամբ քնչական գործողութիւններու ծաւալումն է, Մարտի 1-ի խնդրով։ Վեց ժամ ետք ՀՔԾ-ն ( Յատուկ Քննչական Ծառայութիւն) երկրորդ նախագահին մեղադրանք առաջադրեց «այլ անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը տապալելու համար»։ ՀՔԾ-ն զինք կալանաւորելու միջնորդութիւն ներկայացուցած է դատարան։
Նոյն մեղադրանքը առաջադրուած է նաեւ ՀԱՊԿ գործող գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի հանդէպ։
Տապալել բառը հոս կը գործածուի բեկանել իմաստով։ Մենք զայն կը գործածենք ֆիզիքական իմաստով միայն...
Մինչեւ ուշ գիշեր կը հետեւիմ լուրերուն, վերջնական որոշում չկայ։
Զանազան կուսակցութիւններ զգուշաւոր յայտարարութիւններ կ’ընեն։ Մտահոգիչ բառը կը գործածուի նկարագրելու համար ՀՀ երկրորդ նախագահի եւ գործող ՀԱՊԿ քարտուղարի դէմ յարուցուած գործերը...
Եղանակը կը շարունակէ ըլլալ չափազանց շոգ։
Շաբաթ, 28 Յուլիս, 2018
Հակառակ, որ Ռոբերտ Քոչարեանը եւ Եուրի Խաչատուրովը նոյն մեղադրանքով ամբաստանուած են, այսօր Եուրի խաչատուրովը գրաւի դիմաց ազատ կ’արձակուի, իսկ Ռոպերտ Քոչարեանը կը կալանաւորուի երկու ամսով...
Կիրակի, 29 Յուլիս, 2018
Թորոնթոցի Արմէնը, որ հոս կը գտնուի ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի առիթով, արդէն քանի մը օրէն պիտի վերադառնայ տուն։ Այսօր մեզի կ’այցելէ։ Օրը կ’անցընենք Հիլտայի տունը։ Երեւանցի Անին ալ կը միանայ մեզի։ Արմէնը կը պատմէ հարիւրամեակի հանդիսութիւններուն մասին,- քայլերթ Երեւանի եւ Կիւմրիի մէջ 1200 սկաուտ-արենուշներու մասնակցութեամբ, այցելութիւն եռաբլուր, Արամ Մանուկեանի արձանը եւ Վազգէն Սարգսեանի անուան զօրանոցը, Վահան Չերազի արձանի զետեղում Կիւմրիի մէջ, հանդիսաւոր արարողութիւն Արամ խաչատուրեան սրահին մէջ ներկայութեամբ ՀՀ Նախագահի, Վարչապետի եւ այլ հիւրերու, ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր երրորդութեան՝ Շաւարշ Քրիսեանի, Գրիգոր Յակոբեանի եւ Յովհաննէս Հինդլեանի յուշաքանդակներու բացումը ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի կեդրոնի մուտքին, հանդիսաւոր արարողութիւններ Բիւրականի բանակավայրին մէջ, ճաշկերոյթ խրախճանք, եւայլն, եւայլն... Արմէնը խանդավառ է եւ կը կարծէ, որ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը նշուեցաւ ըստ պատշաճի։
Երկուշաբթի, 30 Յուլիս, 2018
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հրաժարականին որպէս արդիւնք, Սեպտեմբերին կը նախատեսուի նոր քաղաքապետի ընտրութիւն։ Ցարդ իմացած էինք «Երկիր Ծիրանի» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած Զարուհի Բոստանճեանի մասին։ Այսօր կը յայտարարուի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան (մեր վարչապետի կուսակցութիւնը)թեկնածուի մասին։ Ան դերասան Հայկ Մարութեանն է։ Այս թեկնածուի մասին կան թեր եւ դէմ կարծիքներ...
Այսօր «մեր» տղոցմէ Արտակը դարձաւ 19 տարեկան։ Ան տարկետման մէջ է եւ իր զինուարական ծառայութիւնը առայժմ յետաձգուած է, առողջական պատճառներով։ Իրենց տան մէջ, ճոխ սեղանի շուրջ կը նշենք այս տարեդարձը...
Երեքշաբթի, 31 Յուլիս, 2018
Այսօր մեր հիւրերը մեծ հարսիս՝ Դալարին զարմիկներն են,- Մկոն եւ Րաֆֆին եւ իրենց կիները՝ Զարմուհին եւ Անին։ Րաֆֆիի եւ Անիի երկու աղջիկները մաս կը կազմեն ՀՄԸՄ-ական բանակումին, իրենք ալ այս առիթով եկած են Հաաստան։ Դեռ քանի մը շաբաթ առաջ, Թորոնթոյի մէջ մենք իրենց տունն էինք։ Ծնած ըլլալով քսաներորդ դարու կէսերուն եւ ականատեսը ուղտի եւ աւանակի որպէս փոխադրական միջոց օգտագործման եւ քաղաքին մէջ ինքնաշարժերու կողքին ձիով լծուած կարգերով տեղափոխման, ինչպէս նաեւ մեր տան մէջ հեռատեսիլի եւ հեռաձայնի բացակայութեան, քսաներորդ դարու վերջերուն եւ քսանմէկերորդ դարասկիզբին ճարտարագիտութեան ընձեռած դիւրութիւները, արագ ճամբորդելու կարելիութիւնները, նոյն օրուան մէջ ցամաքամասէ ցամաքամաս ցատկռտելը, համացանցը եւ կապի միջոցները չեն դադրիր զիս հմայելէ...
Ջերմ եւ անմիջական է մեր զրոյցը։ Տան ետեւի գաւիթին նստած հարազատ մթնոլորտ կը ստեղծուի։ Կ’աճապարեն վերադառնալ Երեւան, հանդիպելու այլ ազգականներու։
Որոշած էինք ընթրիքի «Հին Աշտարակ» ճաշարանը երթալ, սակայն կը գտնենք, որ ան փակ է։ Ուրբաթ օր ճաշարանատիրոջ տղան կ’ամուսնանայ ուստի այդ պատրաստութիւններով զբաղելու համար ճաշարանը փակած են... Ակամայ միտքս կ’երթայ ետ։ Միշտ մեծ հաստատութիւներու մէջ որպէս պաշտօնեայ աշխատած ըլլալով կը վերյիշեմ, որ նոյնիսկ մեր ամուսնութենէն մէկ օր առաջ աշխատանքի էի։ Գործատէր ըլլալու առաւելութիւնները մեծ են։ Հայաստանեան առօրեային մէջ աշխատանքը ամէն բանէ վեր դասելու Արեւմուտքի մոլուցքն ալ չկայ։ Մինչ հոն անդադար պէտք է մենք մեզի յուշենք, որ աշխատանքը պարզապէս կեանքի որակը բարձրացնելու եւ ոչ թէ անոր կեդրոնական գործարոյթը ըլլալու համար է, հոս նման յուշեցման հարկ չկայ։ Մարդիկ, հաւանական է բնազդաբար, լաւ ըմբռնած են, կեանքի առաջնահերթութիւնները։
Ամէնամօտ սրճարանը Պասկալ Դէոդատոն է, դէպի հոն կ’ուղղուինք։
Էլիզ Շարապխանեան
Ուշի