image

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի (Ժ. Մաս)

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի (Ժ. Մաս)

Ուրբաթ, 1 Յունիս, 2018

Համբերատար մօտեցում որդեգրելու որոշման շատոնց յանգած ենք։ Մեր տարած աշխատանքին անմիջական արդիւքներ սպասելէ շատոնց դադրած ենք։ Ժասմինը «մեր» տասը երախաներէն է որ ամուսնացաւ անցեալ Դեկտեմբերին եւ հարս գնած Սպիտակի Ջրաշէն գիւղը։ Արդէն Հոկտեմբերին երախայ կը սպասէ։ Հօր տունը այցելութեան եկած է եւ մեզի ալ կ’այցելէ։ Կը պատմէ իր ծրագիրներուն մասին։ Տարիներ շարունակ պայմաններու բերումով ինքնաբաւ դառնալու հրամայականին պատրաստուելու քարոզ տուած եմ, սակայն ոչ մէկ տեսանելի արդիւնք նկատած։ Ժասմինը այժմ կ’ապրի կեսուրին հետ։ Ամուսինը Ռուսաստան գացած է արագ դրամ շահելու... Տարիներ առաջ «մեր» աղջիկնրուն հելունագործութիւն (crochet) սորվեցուցած եմ եւ իրեց աշխատած պուպրիկները վաճառելով փոքր եկամուտ մը ապահոված իրենց։ Հիմա կը մտածէ այդ հմտութիւնը օգտագործելով, իրենց գիւղին մէջ դրամ վաստկելու մասին։ Թէ որքանով իր ծրագիրները իրականութեան կը վերածէ չեմ գիտեր, սակայն զիս կը խանդավառէ նոյնիսկ այդ մասին իր մտածելը... Փոքր յատուցում մը մեր տարած աշխատանքին դիմաց։

Այսօր երախաներու պաշտպանութեան միջազգային օրն է։ Կան զանազան միջոցառումներ զայն նշելու համար։

Շաբաթ, 2 Յունիս, 2018

Անակնկալ կերպով մեզի այցելութեան կու գան երկրորդական վարժարանի  հայերէնի ուսուցիչս՝ Յակոբը, կինը Մարի-Լուիզը, իրենց տեղացի սանիկը ու անոր մայրը։ Եկած են մեր գիւղի մօտակայ Սաղմոսաւանը ներկայ ըլլալու նորակառոյց Հայորդաց տան բացմանը։ Կը պատմեն, որ ան կառուցուած է ֆրանսահայ բարերարի մը կողմէ, ի յիշատակ իր որդուն, որ Երեւանի մէջ դժբախտ պատահարի մը զոհ կը դառնայ։ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը անձամբ կատարած է բացման արարողութիւնը։ Ուսուցչիս հետ ամէն հանդիպումի կ’անդրադառնանք իր ուղղագրութեան դասերուն, մանաւանդ ձայնաւորով սկսող բայերու ներկայ եզակի երրորդ դէմքի ժխտականին, որ ապադարձով կը գրուի... Հետեւելով իր պարզ բացատրութեան, այս սխալը երբեք չեմ ըներ։ Երբ ժխտականը հաստատականի վերածենք եւ «կը» մասնիկը ունենայ, ապադարձ դնել, բոլոր այլ պարագաներուն ոչ։ Դժբախտաբար այս պարզ օրէնքը լայն տարածում չունի, ուստի յաճախ կը հանդիպինք ապադարձներու, որոնք աւելորդ են...

Երեկոյեան քաղաք կ’իջնենք։ Ճաշի հրաւիրուած ենք «Ապու Յակոբ»ի մօտ։ Հոս ճաշերը միշտ համադամ են։ Յաճախորդները ընդհանրապէս սուրիահայեր են։ Կայ երգիչ եւ նուագախումբ։ Հոս հայկական պարը նկատելի պորտապարի բաղադրիչներ ունի։ Ո՞վ ըսաւ, որ մեր ապրած երկիրներու մշակոյթը չ’ազդեր մեր վրայ... 

Կիրակի, 3 Յունիս, 2018

Այսօր ձեռք կ’անցընենք մեր վարչապետի՝ Նիկոլ Փաշինեանի նոր հրատարակուած՝ «Երկրի հակառակ կողմը» վէպը, որ գրուած է 10 տարի առաջ։ Մարտ 1-ի դէպքերէն ետք, Փաշինեան գտնուած է հետախուզութեան մէջ եւ ամբողջ տարի մը ընտյատակ գացած։ Այս շրջանին, «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած է այս վէպը, գլխաւոր նպատակ ունենալով շեղել իշխանութիւններու ուշադրութիւնը, իր Հայաստան գտնուելու փաստէն։  Իրօք, իշխանութիւնները հաւատացած են, որ ան ապօրինաբար հատած է Հանրապետութեան սահմանը եւ արտերկիր գացած։ Տարի մը վերջ, երբ Փաշինեան կամովին կը յանձնուի իշխանութիւններուն, զինք կը մեղադրեն սահմանը ապօրինաբար հատած ըլլալու յանձանքով։ Տարի մը բանտ մնալէ ետք, ան համաներմամբ ազատ կ’արձակուի։

Թէեւ տասը տարին բաւական է ոեւէ մարդու համար իր հայացքները փոփոխելու, սակայն հետաքրքրական է իմանալ Փաշինեանի միտք բանին։ Անպայման կ’արձանագրեմ տպաւորութիւններս, երբ աւարտեմ ընթերցումը։

Երկուշաբթի, 4 Յունիս, 2018

Այսօր Թորոնթոյէն եկած եղբօրս՝ Լեւոնին եւ կնոջը՝ Անիին հետ կ’անցընենք։ Կ’երթանք մօտակայ Ռշտունիք ճաշարանի բացօթեայ պարտէզը ձուկ ուտելու։ Մեր հարազատներէն հեռու ապրելով՝ նման օրերը իսկապէս հոգեպարար են մեզի համար...

 

Երեքշաբթի, 5 Յունիս, 2018

Այսօր բացառաբար մեզ այցելել ուզող երեւանցիներուն ստիպուեցանք մերժել։ Հանդարտ օրուան մը կարիքը ունէինք։ Զբաղուեցանք տնական աշխատանքներով եւ առօրեայով։ Եղանակը հիանալի էր։ Երեկոյեան կարճ ժամանակով ուժեղ քամի մը օրօրեց ծառերը, ապա ամէն ինչ վերադարձաւ հանդարտ սովորականին։

Ուշ գիշերին յայտարարուեցաւ, որ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ քանի մը օր է տեղի ունեցող ցոյցերը, որոնք մտահոգիչ էին բոլորի համար, դադրեցան։ Կազմակերպիչները համաձայնութեան եկած են նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ նաեւ նկատի ունեցած մեր Վարչապետ` Նիկոլ Փաշինեանի կոչը, ցոյցերը դադրեցնելու եւ իշխանութեան ժամանակ տալու գործադրելու ցուցարարներու պահանջները։  Ըստ լրատուամիջոցներուն, կենցաղային գետնի վրայ յառաջացած ծեծկրտուք մը, քաղաքացիներու եւ Ազգային Անվտանգութեան աշխատակիցներու միջեւ պատճառ դարձաւ այս ցոյցերուն։ Անկեղծօրէն ինծի համար անհասկնալի է թէ ինչո՞ւ։ Արդե՞օք հարցերը փողոցային ցոյցերով լուծելու մոլուցքը վարակեց նաեւ արցախցիները...

Երկու օրով Հիլտայի շան` Ճերմակի պատասխանատուն ես եւ Վալդերն ենք։ Հիլտան իր քրոջ տղուն հետ Ջերմուկ գնած։ Ճերմակը ոչ մէկ դժուարութիւն կու տայ մեզի։

Հեռաձայն կը ստանանք որ կարճ ժամանակով Պռոշեան եկած են մեր խնամիներ Ձեւակն ու Արփին։ Կ’որոշենք անմիջապէս այցելութեան երթալ իրենց։ Առողջական բնոյթի պատճառներով, անոնք բաւական ժամանակէ ի վեր Թորոնթօ էին։ Կ’ափսոսան, որ իրենց ծրագիրները աւելի շատ ժամանակ անցընելու իրենց Պռոշեանի տան մէջ չեն կրնար իրականացնել...

Չորեքշաբթի, 6 Յունիս, 2018

Հոս լուրերը միշտ հետաքրքրական են։ Մարզական լուրերէն, մշակութային իրադրաձութւններէն, կենցաղային հարցերէն  ու ճանապարհային վթարներէն անդին միշտ կայ քաղաքական բաղադրիչ։ Այսօր կը կարդանք հրաժարականներու մասին Արցախի ուժային կառոյցներուն մէջ, որպէս արդիւնք վերջերս ծայր առած ժողովրդական ցոյցերու։ Սկսած է «Նոր Հայաստան Նոր Կաթողիկոս» շարժում  մը, որ կը պահանջէ Գարեգին Բ.-ի հրաժարականը։ Նոյնիսկ «Նոր Սփիւռք»ի մասին յօդուած մը կը կարդամ...

Հինգշաբթի, 7 Յունիս, 2018

Այսօր խորհդրարանին մէջ ներկայացուեցաւ նոր կառավարութեան ծրագիրը, վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Անոր գլխաւոր շեշտադրումը իմ ընկալմամբս, փտախտի (հոս զայն կը կոչեն կորուպցիա, corruption) դէմ պայքարն ու արդարութեան վերականգնումն էին, որպէս տնտեսական զարգացման գլխաւոր հենասիւներ։ Ըստ սովորութեան եղան սուր քննադատութիւններ եւ զայն փափաքներու ցանկ անուանողներ... Կ’ապրինք, կը տեսնենք։

Ուրբաթ, 8 Յունիս, 2018

Տալմայի շուկան պիտի երթանք գնումներու։ Առիթէն օգտուելով կը հեռաձայնենք Լոս Անճելսցիներ Անահիտին եւ Ռիթային, որ հոն հանդիպին մեզի։ Միշտ հաճելի է հին բարեկամներու հանդիպիլը։

Գերշուկայի ելքին, դրամարկղի մօտ, Վարդանը կ’օգնէ յաճախորդներուն լեցնելով տոպրակները գնուած իրերով։ Ծանօթ ենք իրեն։ Այսօր լորցնաշուրթն մեզի կը պատմէ «թաւշեայ յեղափոխութեան» իր մասնակցութեան մասին։ Թէեւ նոյն տաղտկալի աշխատանքն է որ կը տանի եւ իր առօրեային մէջ տակաւին ոչինչ փոխուած է, այսօր երջանիկ է եւ հիանալի իրադարձութեան մը մաս կազմած ըլլալու հրճուանքը կ’ապրի։ «Մենք ալ իր վէպը գնեցինք եւ կարդալու սկսանք», կ’ըսեմ։ «Ես ցոյցերու տեսերիզները ունիմ, բոլորիս բաժնեցին», կ’ըսէ հպարտութեամբ։ Օրինակ մը եւս այս շարժման հոգեբանական ազդեցութեան մասին։

Երեկոյեան «մեր» տղոցմէ Դաւիթը այցելութեան կու գայ։ Ան ալ որպէս համալսարանի ուսանող, մաս կազմեց ցոյցերուն։ Սովորաբար նկարագրով քննադատող եւ բացասական, այսօր շատ դրական է եւ յուսալից։

Շաբաթ, 9 Յունիս, 2018

Ուշ երեկոյեան այցելութեան կու գան մեր հարեւան Գոհարը եւ աղջիկը Թեհմինէն։ Գոհարը քանի մը տարի առաջ արտագաղթեց Ֆրանսայի Րէն քաղաքը, ուր արդէն հաստատոած են իր երկու տղաները։ Քանի մը տարի ետք իրեն միացաւ նաեւ ամուսինը՝ Ստեփանը։ Գոհարը ունի առողջական խնդիրներ։ Ուղեղային արիւնախրման պատճառաւ ունի տեղաշարժման խնդիրներ։ Այս իր առաջին այցելութիւնն է արտագաղթելէն ի վեր։ Ան զգալիօրէն գիրցած է եւ տեղաշարժուիլը դարձած է աւելի դժուար,  հաւանաբար որպէս արդիւնք նստակեաց ապրելակերպի։ Ըստ իր բնութագրութեան, Ֆրանսա մնալուն գլխաւոր պատճառը բուժումն է, սակայն իմ ընկալմամբս այդ բուժումը արդիւնաւէտ չէ եղած... Կը պատմէ իրենց առօրեային մասին։ Ֆրանսացիներու հետ չեն յարաբերիր (չեն շփուիր պիտի ըսէին հոս), իրենց շէնքին մէջ ապրող Էջմիածնէն գաղթած եւ թղթաբանութեան պատճառաւ անել վիճակի մատնուած ընտանիքի մը  հետ կը յարաբերին եւ այլ Հայաստանէն գաղթած հայերու հետ ալ բարեւելու մակարդակով ծանօթ են... Թոռնիկը՝ Գեղամը, որ «մեր» տասը երախաներէն էր, երբ Ուշի հաստատուեցանք եւ որ միացաւ իրենց տարի մը առաջ, հիմա կը պատրաստուի վերադառնալ Ուշի։ Ի տարբերութիւն այլ արտագաղթողներու, Գոհարը վառ գոյներով չի նկարագրեր իրենց առօրեան, սակայն քանի մը օրէն կը պատրաստուի վերադառնալ հոն... Նման պատմութիւններ կը վրդովեցնեն մեզ։ Թափառական հայը միշտ ալ պատրաստ է համակերպելու երկրէն դուրս վատ պայմաններու, իսկ երկրին մէջ անհանդուրժող եւ քննադատող է...

Կիրակի, 10 Յունիս, 2018

Այսօր մեր հիւրերը Պռոշեանցի Ձեւակը եւ Արփին եւ Լոս Անճելեսցի Յովսէփն ու Ռիթան են։ Տարուան առաջին բացօդեայ ճաշկերոյթն է։ Անշուշտ ճաշացանկի գլխաւոր բաղադրիչը խորովածն է...

Այսօր, արեւածագին, Արարատ լերան ստուերի տակ տեղի ունեցած միջոցառման մը ընթացքին, «Օրորա» մարդասիրական մրցանակի (հոս այն Աւրորա կը կոչեն), երրորդ դափնեկիր յայտարարուեցաւ իրաւաբան Չո Լա Աունը, որ հակառակ հետապնդումներու եւ հալածանքի, կը պայքարի ռոհինջա ժողովուրդի հաւասարութեան, կրթութեան եւ մարդկային իրաւունքներու համար։ Երեկոյեան տեղի ունեցաւ մրցանակի պաշտօնական յանձնումը։

Հետաքրքրական կը գտնեմ, որ Մկրտիչ Արմէնի «Հեղնար Աղբիւր» ֆիլմի ստեղծումէն մօտ կէս դար ետք, Վահրամաբերդ գիւղին մէջ վերականգնուած արդէն դասական նկատուող այս ֆիլմի աղբիւրի բացումը տեղի ունեցած է։ Մինչ ֆիլմի աղբիւրը ժամանակւոր եւ լիարժէք չէ եղած, վերակագնուած աղբիւրը լիարժէք խաչքար աղբիւր է։ Նախաձեռնութիւնը ռուսաստանաբնակ վահրամաբերդցիի մըն է։ Կ’ակնկալուի, որ ան դառնայ զբօսաշրջիկային  հասցէ...

Երկուշաբթի, 11 Յունիս, 2018

Ուրբաթ օր ճամբայ կ’ելլենք դէպի Գանատա։ Կը ջանամ խուճապի չմատնուիլ բայց անխուսափելի է։ Հազար ու մի մանրուք կայ ընելիք, ճամբայ չելած։ Պէտք է կատարել հարսերուս եւ զաւակներուս վերջին փափաքները, ճամպրուկները պատրաստել, այգիին եւ տան հետ կապուած աշխատանքներու ցանկը պատրաստել, որպէսզի անոնք կատարուին մեր բացակայութեան, սառնարանի  պարունակութիւնը պարպել եւայլն, եւայլն... 

Երեքշաբթի, 12 Յունիս, 2018

Գրողներու միութենէն հեռաձայն կը ստանանք, որ պոլսահայ զոյգ մը կ’ուզեն մեզի այցելել։ Կ’ենթադրենք, որ «Մարմարա»յի ընթերցողներ են։ Գրողներու Միութեան պաշտօնեայ Հերմինէի հետ, այցելութեան կու գան Օհանն ու Լուսանը։ Հետաքրքրական է գրիչի միջոցաւ անծանօթներու հանդիպելու այս կարելիութիւնը։ Միշտ ալ ծանօթներու նման կը հաղորդակցինք անոնց հետ։

Արդեօք նոր կառավարութեան մեղրամիսը վերջ գտա՞ւ։

Բնապահպանական նախարարութիւնը կը քննադատուի ընդյատակ անցնելով բնապահպաններու հետ չշփուելու (այսինքն չհաղորդակցելու) մեղադրանքով։ Սոցաբ նախարարը հրաժարական կու տայ կառավարութեան պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի վերաբերեալ ընդունած որոշման պատճառաւ։ Լուրեր կը տարածուին Տնտեսական Զարգացման եւ Ներդրումներու նախարար՝ ՀՅԴ-ական նախարար Արծուիկ Մինասեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար՝ Արտակ Զէյնալեանի հրաժարականներու մասին, թէեւ անոնք կը հերքուին։ Ազգային Ժողովի նիստին, «Ծառուկեան» Դաշինքի անդամ Միքաէլ Մելքումեանը վարչապետին խորհուրդ կու տայ իրենց հետ որպէս բարեխիղճ գործընկեր խորհրդակցիլ, այս կամ այն որոշումը ընդունելէ առաջ»...

Չորեքշաբթի, 13 Յունիս, 2018

Այս օրը Բռնադատուածներու օր է։ Անոնց ժառանգները կը հաւաքուին անոնց յիշատակին կանգնեցուած արձանի մօտ։ Թերեւս մտածին է եւ ոչ առարկայական, սակայն իմ կարծիքովս այս նիւթին տակաւին զգուշութեամբ կ’անդրադառնան...Ստալինեան բռնադատութիւնները որպէս փաստ կը ներկայացուին եւ կասկածէ վեր են, սակայն անոնց նուիրուած ցուցահանդէսները կը փակուին, եւ պետական մակարդակով անդրադարձը միշտ զգուշաւոր է...

Հինգշաբթի, 14 Յունիս, 2018

Մեր վերջին օրն է Ուշիի մէջ։ Ճամպրուկները պատրաստ են։ Ըստ ընդունուած սովորութեան, մեր հարեւանները հերթով երթաք բարովի կու գան։

Ուրբաթ, 15 Յունիս, 2018

Այսօր կրկին  Ճամբայ կ’ելլենք կտրելու ծովերը, ովկիանոսները եւ ցամաքամասերը։ Որքան ատեն, որ մեր անմիջական հարազատները մեզմէ հեռու կ’ապրին, այս երկար ճամբորութինը պարբերաբար ընելու ստիպուած ենք։

Էլիզ Շարապխանեան

Ուշի