image

Գագիկ Ծառուկեանի թոռները վարակուած են «Քորոնա»ով

Գագիկ Ծառուկեանի թոռները վարակուած են «Քորոնա»ով

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար՝ Գագիկ Ծառուկեանի թոռները վարակուած են «Քորոնա» ժահրով: Այս մասին 19 սեպտեմբերին, ըսաւ ան Աջափնեակի մէջ քաղաքացիներուն հետ հանդիպման ժամանակ:

«Ես վարակուած եմ, ինծի վարակած են եւ վարակուած են իմ թոռները: Թոռները՝ փոքրահասակ երեխաները, ջերմութիւն կ'ունենան 1-2 օր, այնուհետեւ անոնք առանց դեղի կը լաւանան, անոնք երիտասարդ, աճող օրկանիզմ են: Դուք տեսած էք`երեխան մէկ օր ջերմութիւն կ'ունենայ, ու կը լաւանայ, անիկա հիմնականօրէն վտանգաւոր է տարեցներու համար, դիմադրողականութեամբ թոյլ մարդոց համար: Երեխաները դպրոց դիմակով ինչպէ՞ս կրնան երթալ», - ըսաւ Ծառուկեան՝ անդրադառնալով քաղաքացիներէն մէկուն այն դիտարկման, որ երեխաները չեն կրնար դիմակ կրել: