image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսահայ Երիտասարդներու Հաւաք Լիոնի Մէջ

Ֆրանսահայ Երիտասարդներու Հաւաք Լիոնի Մէջ

Ֆրանսայի  տարբեր  շրջաններէն   Լիոն հասած  երիտասարդներ, երէկ մասնակցած են     կրօնական-երիտասարդական  հանդիպման մը: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք «Արեւելք»ի Լիոնի աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ    յայտնեց,  որ      հանդիպումը տեղի ունեցած է Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Վահան Արք. Յովհաննիսեանի  նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ:   Երիտասարդներուն ընկերակցած են նաեւ իրենց քաղաքներուն մէջ գործող  ծխատէր քահանայ հայրերը: Քննարկման   նիւթ դարձած են   ազգային,   եկեղեցական  եւ ֆրանսահայ երիտասարդը յուզող ընդհանուր նիւթեր եւ օրակարգեր: Աղօթքով սկիզբ առած հանդիպումը շարունակուած է  Լիոնի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ կից գտնուող սրահին մէջ: