image

Ֆրանչիսկոս Պապ 12 Գաղթականներու Ոտքեր Պիտի Լուայ

Ֆրանչիսկոս  Պապ  12 Գաղթականներու Ոտքեր Պիտի  Լուայ

Քրիստոնեայ աշխարհին մէջ իր յանդուգն  քայլերով     յայտնի Ֆրանսիս  քահանայապետը, յառաջիկայ հինգշաբթի   օր  (Ոտնլուայի օրը) 12 գաղթականներու  ոտքեր  պիտի լուայ:  Այս մասին կը յայտնէ   Վատիկանի  կողմէ հռչակուած  «Ողորմութեան  յոբելեան»ի     գլխաւոր պատասխանատու    Տ. Րինո  Ֆիզիքիլան: Վարդապետը նաեւ շեշտած է, որ    արարողութիւնը  պիտի ըլլայ շատ պարզ  եւ  անոր մէջ  պէտք է  տեսնել  քրիստոնէական  վեհագոյն արժէքներ: Նշենք, որ անցեալ  տարի   Ֆրանչիսկոս Պապ   այցելած էր  Հռոմի բանտերէն մին ու       լուացած 12    բանտարկեալներու ոտքեր: