Անցնող մայիս ամսուն ԱՄՆ նախագահ Թրամբի կողմէ կայացուած «FBI»ի տնօրէնը պաշտօնանկ յայտարարելու անակնկալ որոշումէն ետք, օրերս նոր աղմուկ բարձրացած է նոյն կառոյցէն ներս, որուն հերոսներն այս անգամ Թրամբ ու «FBI»ի տնօրէնի տեղակալ Անտրօ Մաքապին են: Վերջինս Թրամբի հետ ամիսներ տեւած բախումներէ ետք անցնող երկուշաբթի օր հրաժարական ներկայացուցած է:
«NBC News» կայքին փոխանցմամբ, «FBI»ի տնօրէնը պաշտօնէն հեռացուելն ետք ամիսներէ ի վեր կառոյցի տնօրէնի պաշտօնն ստանձնած Մաքապի սուր քննադատութիւններու կ'ենթարկուի Թրամբի կողմէ, աւելցնելով, որ Մաքապիի պաշտօնական հրաժարականը նախատեսուած էր յառաջիկայ մարտ ամսուն:
Նշուած է, որ Մաքապիի դէմ Թրամբի թշնամական վերաբերմունքը պայմանաւորուած է այն բանով, որ վերջինս բացայայտած է, թէ Մաքապիի կինը 2016 թուականի նախագահական ընտրութիւններու նախօրէին Վիրժինիա նահանգին մէջ մասնակցած է իր մրցակից Հիլըրի Քլինթընի քարոզարշաւին: