ՀՀ ԱԺ նախագահ` Արարատ Միրզոյեան դիմատետրի իր էջին գրած է․
«Այս պատերազմը նոր չէ սկսած։ Այս պատերազմը առնուազն քանի մը հարիւր տարի է կը վարեն մեր դէմ։
Նպատակը տարածք պոկելը չէ, Վարանդան ու Բերձորը չեն, ոչ ալ Շուշին ու Ստեփանակերտը։ Նպատակը մեր ազգի ու պետութեան խեղճ ու անճար խրտվիլակներու վերածումն է, քաղաքական քարտէզէն մեր վերացումը, հնարաւորութեան պարագային՝ ի սպառ բնաջնջումը։
Սարդարապատի, Նժդեհեան գոյամարտի, Արցախեան ազատամարտին մէջ մենք այդ կանխած ենք։ Փոխած ենք բանաձեւը։ Ա՛ս չի ներուիր մեզի։ Ա՛ս ալ կ'ուզեն կոտրել։ Ու մեզի նորէն Տէր Զօրի գլխիկոր լուռումունջը դարձնել։
Զիջեցինք Արցախը, պիտի զիջինք Մեղրին ու ապա Երեւանը։ Պիտի կանգնինք, այլ տարբերակ չկայ։ Մէկ անգամ պիտի կանգնինք մինչեւ վերջ։
Խրիմեան Հայրիկը Պերլինի վեհաժողովէն որ ետ եկաւ, երկաթէ շերեփէն բացի ուրիշ բան մըն ալ ըսաւ։ Ըսաւ սերպերու թուրէն արիւն կը կաթէր, անոր համա՛ր իրենց երկիր տուին։
Արցախը մեր հայրենիքն է, մեր տունը։ Հայրենիքն ու տունը չեն զիջուիր։ ՈՉ ՄէԿ ԳԻՆՈՎ։
Կեցցէ յաւերժական հայ ժողովուրդը։
Պիտի յաղթենք։ Անկասկած, պիտի յաղթենք»։