Թուրքիոյ՝ Հայաստանին սահմանակից Աղրըի նահանգային իշխանութիւնները 2015 թուականին յայտարարած էին, որ նահանգի տարածքին մէջ «Քրտական բանուորական կուսակցութեան» դէմ իրականացուող ռազմական գործողութիւններու պատճառով Արարատ լեռը կը ստանայ «յատուկ անվտանգութեան» գօտիի կարգավիճակ։
Չնայած արգելքին՝ վերջին 6 տարուան ընթացքին զարտուղի, ոչ օրինական ճանապարհներով, յաճախ տեղաբնակ քիւրտերու օգնութեամբ բազմաթիւ լեռնագնացներ մագլցած են պիպլիական լեռան գագաթը։
Այժմ արդէն Փետրուարի սկիզբէն պաշտօնապէս արգելքը պիտի վերանայ եւ տարբեր երկիրներէն եկած լեռնագնացները պիտի կարողանան օրինական ճանապարհով բարձրանալու թոյլտւութիւն ստանալ։