«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ երիտասարդ հոգեբան Արեւ Ճուլհայեանը:
-Ի՞նչ պայմաններու տակ հեռացաք Հալէպէն, ի՞նչ կը յիշէք այդ ժամանակաշրջանէն:
2014-ի Փետրուարի կէսերուն էր, պաքալորիաս աւարտած էի եւ համալսարան պէտք է արձանագրուէի: Նկատի ունենալով, որ քաղաքի ապահովական վիճակը վատ է եւ մեծ քոյրս արդէն Երեւան տեղափոխուած էր, յարմար տեսայ ես ալ Հայաստան գամ եւ հոս շարունակեմ ուսումս: Սկիզբը միայն ես եկայ, իսկ ընտանիքս, գալէս մէկ ու կէս տարի յետոյ մեզի միացան։
-Ի՞նչ կը կարծէք, արդեօք ճիշդ որոշում կայացուցիք Հալէպէն հեռանալով եւ ապա Հայաստան փոխադրուելով:
Ընդհանրապէս սկիզբէն յայտնի չըլլար, արդեօք ճիշդ որոշում կայացուցած ես, թէ ոչ, եւ ժամանակի ընթացքին այդ մէկը կը բացայայտուի: Հիմա արդէն հինգ տարի եղաւ, որ Հայաստան եմ եւ վստահաբար կրնամ ըսել, ամէնէն ճիշդ որոշումը որ առած եմ, այս եղած է, որովհետեւ Հայաստան գալս մեծապէս նպաստեց իմ զարգացման, հասունացման, ե՛ւ հոգեբանօրէն, ե՛ւ բարոյապէս, արդէն կրնամ աւելի մեծ պատասխանատւութիւնն առնել իմ վրաս, որոշումներս աւելի հասունօրէն կը կայացնեմ, մեծ փորձառութիւն ունեցայ, որ չեմ կարծեր ձեռք պիտի ձգէի եթէ Հայաստան չգայի: Հետեւաբար, ինծի համար լաւ եղաւ այս որոշումը, այսպիսով ես հոգեպէս աւելի հասուն աստիճանի մը անցայ:
-Ի՞նչ էին սկզբնական շրջանի դժուարութիւնները, որոնց հանդիպեցաք Երեւանի մէջ, ըլլայ շրջապատի մարդոց հետ շփուելու ժամանակ, ըլլայ համալսարանի մէջ:
Դժուարութիւններու պարագային, ինչպէս բոլոր սուրիացիները, ես նոյնպէս, լեզուի խնդիր ունեցայ, բացի այդ՝ նոր շրջապատ, նոր քաղաք, նոր փողոցներ, նոր միջավայր, ամէն ինչ նոր էր, հետեւաբար բոլորս ալ սկզբնական շրջանին յարմարուելու խնդիր ունեցանք: Ժամանակի ընթացքին սակայն այդ խնդիրները պակսեցան, հիմա արդէն կրնամ ըսել նման խնդիրներ նոյնիսկ չկան: Համալսարանէն ներս նոյնպէս, հիմնականը լեզուի խնդիրն էր, որովհետեւ գրականութիւնը ռուսական աղբիւրներէ էին, մենք ալ ստիպուած կ'ըլլայինք այլ լեզուներով կարդալ: Կար նաեւ աշխատանք գտնելու դժուարութիւնը, նախ աշխատանքային փորձ չունենալու պատճառով եւ ընդհանրապէս չէինք գիտեր ինչ աշխատիլ, ինչպէս աշխատիլ:
-Գիտենք որ հոգեբանութիւն կ'ուսանիք, ինչո՞ւ այս ճիւղը ընտրեցիք:
Հոգեբանութեան ճիւղը ընտրելուս պատճառները մի քանին են, գլխաւորը՝ մարդոց օգտակար դառնալու փափաքը: Միշտ կը տեսնենք, որ կարիքաւոր մարդոց օգնելու համար, աւելի շատ նիւթական օգնութիւն կը տրամադրեն, բայց ինծի համար կարեւոր էր մարդուն հոգեպէս օգնելը, նիւթականի կողքին: Պատճառներէն մէկն ալ ընտանիքիս քաջալերանքն էր, անոնք ձեւով մը բացայայտած էին, որ ես մարդոց լսելու հմտութիւն ունիմ, միշտ լսող կողմն եմ, հաճոյք կ'առնեմ մարդոց լսելէ, եւ միւս պատճառը, որ ընդհանրապէս կեանքի մէջ մարդուն հասկնալը շատ լաւ եւ կարեւոր բան է:
Ապագայի հեռանկարներ կան այս մասնագիտութեան մէջ Հայաստանի մէջ աշխատելու կամ մտադիր էք արտերկիր մեկնիլ, ի՞նչ կ'ըսէք այդ առումով:
Հայաստանի մէջ հոգեբանութեան ոլորտին մէջ, բաւական յառջընթաց կայ, օրինակ քանի մը տարի առաջ այսքան մասնագիտական օգնութեան կեդրոններ չկային, հիմա սակայն անոնց թիւը երթալով կը շատնայ, այս կը նշանակէ, որ հոգեբանութիւնը առաջընաթցի մէջ է:
Ինչ կը վերաբերի աշխատանքին, դուրսը աշխատելու գաղափարին դէմ չեմ, բայց Հայաստանի մէջ ալ կրնամ աշխատիլ։ Կը կարծեմ եթէ լաւ մասնագէտ ես, բոլոր տեղերն ալ գործ կը գտնես, անշուշտ Հայաստանի մէջ աշխատավարձի չափը կը տարբերի դուրսի աշխատավարձերէն, բայց հոս եթէ պայմանները շարունակուին բարելաւուիլ, կարելի կ'ըլլայ նաեւ Հայաստանի մէջ ալ լաւ գործ գտնել:
-Այս դարուն էական է, որ ցանկացած մարդ հոգեբանի այցելէ եւ փորձէ հոգեբանի օգնութեամբ իր խնդիրներուն լուծումներ գտնել, ինչքանո՞վ ճիշդ է ձեր կարծիքով այդ մօտեցումը:
Դժբախտաբար դեռ այդ կարծրատիպը կայ, որ հոգեբանի քով միայն խենթերը կամ մտային խնդիրներ ունեցողները կ՚երթան ... իմ կարծիքով, այս մօտեցումը հոգեբանութեան մասնագիտութեան ծանօթ չըլլալէն կու գայ, որովհետեւ ոչ միայն «խենթերը», այլեւ նորմալ մարդիկ ալ կ'այցելեն հոգեբանի, որովհետեւ բոլորս ալ, անխտիր, խնդիրներ ունինք, այդ շարքին եւ ես. Հոս կը մնայ մարդուն վերաբերմունքը այդ խնդիրներուն հանդէպ։
-Հայաստանցի ընկերներդ ի՞նչ վերաբերմունք ունին ձեր մասնագիտական ունակութիւններուն մասին. Ի՞նչ է իրենց մօտեցումը, ի՞նչ ընդհանրութիւններ եւ տարբերութիւններ կան ձեր միջեւ, եթէ կան անշուշտ:
Հայաստանցի ընկերներուս մասին, կրնամ ըեսլ, որ բոլորն ալ շատ դրական վերաբերմունք ունին։ Բոլորն ալ միշտ քաջալերող եւ օգնող են, օրինակ լեզուի հարցով անոնք յաճախ փորձեցին օգտակար ըլլալ ինծի։
Նմանութիւններու կամ տարբերութիւններու մասին կը դժուարանամ պատասխանել, որովհետեւ այդ առկայ երեւոյթ է։ Նոյնիսկ նոյն ընտանիքի անդամներուն միջեւ մենք յաճախ նմանութիւններու կողքին տարբերութիւններ ալ կը գտնենք, ուր մնաց ժողովուրդի կամ մշակոյթի մակարդակով: Բայց եթէ բան մը պէտք է ըսեմ, կրնամ որպէս նմանութիւն նշել մեր բոլորին հայ ըլլալը, իսկ որպէս տարբերութիւն՝ տարբեր միջավայրներու մէջ մեծցած եւ տարբեր մտածելակերպ ունեցած ըլլալը։
-Հոգեբանութեան մէջ շատ մեծ դեր ունի արեւմտեան դպրոցը, արդեօք այդ մէկը երեւելի է նաեւ Հայաստանի ուսումնական ծրագրին մէջ, թէ այստեղ, մասնագիտական առումով, տարբեր ե՞ն ընկալումները:
Համալասարանին մէջ Արեւմտեան հոգեբաններու մասին կ՚ուսումնասիրենք, բայց ծրագրի հիմնական մասը գրեթէ կը վերաբերի ռուս գիտնականներու կամ հոգեբաններու։ Կրնամ ըսել այս պարագային հոգեբանութեան համալսարանի ուղղութիւնը մեծապէս Ռուսիոյ հետ կապուած է եւ առաւելաբար կը սորվինք ռուս գիտնականներու յայտնաբերումներուն եւ ռուս հոգեբաններու մեթոտներու մասին։
-Գիտենք որ պատերազմը սուրիահայութեան միայն նիւթական վնասներ չի պատճառեց, այլ նաեւ հոգեբանական: Ի՞նչ կրնաք ախտորոշել այս առումով, ի՞նչ ժխտական երեւոյթներու հանդիպեցաք: Իսկ եթէ այլ կողմէ նայինք հարցին, արդեօք պատերազմը ինչ որ դրական շեշտադրումներ բերաւ սուրիահայերուն համար։
Կրնամ ըսել, որ պատերազմը շատերու համար դրական ազդեցութիւն ունեցաւ, շատերու համար ալ բացասական, ես երկուքին հետ համաձայն եմ: Իմ համար ալ թէ՛ վատ ազդեցութիւն ունեցաւ, թէ՛ դրական, որովհետեւ եթէ պատերազմը չըլլար, ես կեանքի հասունացման այս փուլերը շատ ուշ կ'անցնէի, Հայաստան գալս, առանձին ապրիլս շատ բան փոխեց, շատ բաներու արժէքը սկսանք գիտնալ, գնահատել, պատասխանտւութիւն զգալ թէ մեր անձին եւ թէ մեր գործողութիւններուն հանդէպ: Ժխտական կողմերն ալ կան անշուշտ, օրինակ՝ կը տեսնեմ սուրիացիները ինչքան ճնշուած կամ մտահոգ են իրենց ապագայի մասին, որովհետեւ ի վերջոյ իրենց կայուն տեղը չեն գտած, չյարմարուելու խնդիրներ կան, միշտ մտածկոտ են, ասոնք բոլորը վատ ազդեցութիւն ունին, բայց կը հաւատամ, որ ժամանակի ընթացքին ամէն ինչ իր տեղի կը գտնէ եւ բոլորս աւելի լաւ ապագայ մը կ՚ունենանք։ Ի վերջոյ սուրիահայերէն շատերուն վրայ պատերազմի ազդեցութիւնը շատ աւելի վատ կրնար ըլլալ, եթէ անոնք Հայաստան գալու ընտրանքը կամ առիթը չունենային։