image

«Երուսաղէմը Պաղեստինի յաւերժ մայրաքաղաքն է». Իրանի խորհրդարան

«Երուսաղէմը Պաղեստինի յաւերժ մայրաքաղաքն է». Իրանի խորհրդարան

Իրանի խորհրդարանը 27 դեկտեմբերին կայացած քուէարկութեան արդիւնքով Երուսաղէմը ճանչցած է «Պաղեստինի յաւերժական մայրաքաղաք», կը յայտնէ timesofisrael.com կայքը, ընդգծելով, որ որոշումը ընդունուած է միաձայն (270-0):
Աղբիւրը նկատած է, որ քուէարկութիւնը իրականացուած է ի պատասխան ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալուն:

«Քուէարկութիւնն իրականացուած է ի պատասխան ԱՄՆ-ի՝ Երուսաղէմն Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու ու իսլամներուն հարուած հասցնելու որոշման»,-յայտարարած է խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանին: