Թուրքիոյ մէջ մօտ 60 000 մարդ լքած է իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը՝ Պոլսոյ մէջ քաղաքապետի ընտրութիւններուն ԱԶԿ-ի պարտութենէն ետք, BirGün օրաթերթին մէջ գրած է մեկնաբան Կիւվէն Կիւրքան Օզտանը։
ԱԶԿ-ին անդամակցումը Թուրքիոյ քաղաքացիներու համար շատ դուռեր բացած է եւ համարեայ պարտադիր եղած է անոնց համար, որոնք ցանկացած են մեծ թենտըր շահիլ կամ աշխատանք գտնել հարազատի համար, նշած է հեղինակը՝ աւելցնելով, որ Պոլսոյ եւ Անգարայի քաղաքապետի ընտրութիւններուն ԱԶԿ-ի պարտութենն ետք կուսակցութեան տնօրինութեան տակ եղած միջոցները զգալիօրէն կրճատուած են:
Անոր խօսքով, ներկայիս պայքարը կ'երթայ կարկանդակի մեծ կտորի համար, քանի որ կուսակցական վերնախաւը չի ցանկար կիսել այն։
Մէկը միւսի ետեւէն քոռուփցիոն պատմութիւններու բացայայտման զուգընթաց՝ ԱԶԿ-ի կարեւոր անդամները հրաժարական կու տան, որպէսզի նոր կուսակցութիւններ ստեղծեն, եւ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը ուժ չունի կասեցնելու այս ընթացքը, որովհետեւ անոր որպէս՝ երկրի պահպանողականները միաւորող առաջնորդ, վարկանիշը կասկածի տակ կը դրուի։
Էրտողանի դաշնակիցը՝ ազգայնականներու առաջնորդ Տաւլեթ Բախչելին, կը տեսնէ, որ որոշ ընտրողներ, որոնք հեռացած են իշխող կուսակցութենէն, իրեն միացած են, եւ հասկնալով, որ իր կուսակցութիւնը կրնայ առաջինը դառնալ Էրտողանի հետ դաշինքի լուծարումէն ետք, աւելի կը զօրացնէ ճնշումը։ Հեղինակը նշած է, որ շատերը հասկնալով, որ ԱԶԿ-ը կը խորտակուի, կը փախի նաւէն։