image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան Ասատի հետ կապ պիտի հաստատէ. Al Monitor

Էրտողան Ասատի հետ կապ պիտի հաստատէ. Al Monitor

Ամերիկեան «Monitor» կայքը յօդուած մը հրապարակած է, ըստ որուն Աֆրինի մէջ տեղի ունեցող թրքական ռազմական գործողութիւններու ծիրին մէջ մեծ թիւով թուրքեր Էրտողանէն կը պահանջեն կապ հաստատել Ասատի հետ:

Կայքը նշած է, որ 20 յունուարին սկիզբ առած ռազմական գործողութիւնները քննարկումներու բուռն ալիք բարձրացուցին, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ հաշտութիւն կնքելու անհրաժեշտութեան շուրջ, որպէսզի Թուրքիա կարողանայ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ իր ռազմական եւ քաղաքական նպատակներն իրականացնել:

Կայքը փոխանցած է նաեւ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հանգստեան կոչուած սպաներու եւ քաղաքական վերլուծաբաններու կարծիքով, Դամասկոսի հետ համագործակցիլը Թուրքիոյ սահմանամերձ տարածքներու անվտանգութիւնն ապահովելու միակ ճամբան է:

Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ դիրքորոշման, կայքը համոզմունք յայտնած է, թէ վերջինիս շահերէն կը բխի Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ հաշտութեան կնքումը, որպէսզի մէկ կողմէ Դամասկոսի մէջ իր ծրագիրներն իրականացնէ, միւս կողմէ չէզոքացնէ Էրտողանի եւ ԱՄՆ-ի համագործակցութեան վտանգը: