Երեւան-Դամասկոս օդային թռիչքներու ժամանակացոյցը փոփոխութիւններու ենթարկուած է: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ընկերութեան աղբիւրէն:
Այսպէս, ընկերութիւնը, ընդառաջելով ուղեւորներու փափաքին, վերատեսութեան ենթարկած է իր ժամանակացոյցը:
Յետ այսու թռիչքները պիտի կատարուին հետեւեալ ժամանակացոյցով՝
Մեկնում Դամասկոսէն՝ 1:30-ին (Դամասկոսի ժամով)
Ժամանում Երեւան՝ 5:00-ին (Երեւանի ժամով)
Մեկնում Երեւանէն՝ 6:00-ին (Երեւանի ժամով)
Ժամանում Դամասկոս՝ 7:30-ին (Դամասկոսի ժամով)