Երէկ սահմանին, համեմատած անցնող օրերուն, հանգիստ էր: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ ԼՂՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը: Աղբիւրը նոյնպէս կը նշէ, որ երէկ գիշեր հակառակորդը հերթականին պէս տարբեր տրամաչափի հրթիռներ նետած է հայկական սահմանապահ դիրքերու ուղղութեամբ բայց եւ այնպէս կրակի տարողութիւնը եղած է թոյլ՝ համեմատած անցնող օրերուն: