image

Երբ տակաւին թուրքը կը հերքէ ... (2). Յարութիւն Իսքահատեան

Երբ տակաւին թուրքը կը հերքէ ... (2). Յարութիւն Իսքահատեան

Բացի Շուշանի մօրենական մեծ հայրէն` Յովսէփ Ալահայտոյեանէն, անոր չորս քոյրերն ու երկու եղբայրները վերապրած էին Մեծ Եղեռնէն: Յովսէփին քոյրը` Եղիսաբէթ, Պէյրութ հասած եւ ամուսնացած էր Եդեսիայէն եկած վերապրող Գէորգ Ոսկերիչեանի հետ:

Գէորգ եւ Եղիսաբէթ Ոսկերիչեանները կը մեկնին ԱՄՆ եւ Գալիֆորնիոյ Կլէնտէյլի շրջանը կը հաստատուին: Շուշան Եղիսաբէթը բնաւ չէր տեսած: 1989-ին օր մը, երբ Շուշան ՙԶօրեան՚ Հիմնարկին տեսաերիզներէն մէկը կը դիտէր, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հարցազրոյցի մը ընթացքին կը տեսնէ Եղիսաբէթը, որ իր եւ ընտանիքին յուշերը կը պատմէր:

Շուշան Արթինեան-Թոքաթլեանի հեղինակած յուշագիրքը`

Shushan Artinian-Tokatlian, My Grandparents Odyssey; From Urfa and Germir to Beirut.

Շուշան Արթինեան-Թոքաթլեան, ՙՄեծ Ծնողներուս Ոդիսականը Ուրֆայէն Եւ Կերմիրէն Դէպի Պէյրութ՚, ՙՌիչըրտ Եւ Թինա Քարոլան Գրական Մրցանքի թիւ 18՚, տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, Լիբանան, 2016, միջակ չափի 155 էջ - անգլերէն

 

Ա- Շուշան Արթինեան-Թոքաթլեանի Մայրական Մեծ Հօր` Յովսէփ Ալահայտոյեանի Յուշերը - Կը պատմէ Յովսէփին քոյրը` Եղիսաբէթ Ալահայտոյեան-Ոսկերիչեան

Ստորեւ կը ներկայացնեմ այդ պատումին հիմնական կէտերը:

Եղիսաբէթ Ալահայտոյեան ծնած է Եդեսիա, 1909-ին: Հայրը` Պետրոս Ալահայտոյեանը եւ մայրը` Եղիսաբէթը ունէին հինգ աղջիկ եւ երեք մանչ զաւակ: Ինք հայրական մեծ մօր անունով կոչուած էր: Մինչեւ առաջին դասարան, Եղիսաբէթ ծննդավայրին հայ աւետարանական դպրոցը կը յաճախէ: Յովսէփ եղբայրը կþաւարտէ Ուրֆայի Գոլէճը եւ Տոքթ. Ֆիշըրի ու Փափա (Եագոպ - Յ. Ի.) Քիւնցլերի քով իբրեւ օգնական դեղագործ կþաշխատի:

Եղիսաբէթ կը պատմէ իրենց ընտանիքին սովորութիւններուն եւ նիստ ու կացին մասին: Ան նաեւ մանր-մունր տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Եդեսիոյ եւ եդեսիացիներուն մասին: Ան կþանդրադառնայ Եդեսիոյ հայոց ինքնապաշտպանութեան` առանց նշանակալի մանրամասնութիւն հաղորդելու, բացի անկէ, որ իր հօրեղբօրորդի Գէորգ Ալահայտոյեանը Եդեսիոյ հերոսամարտին գործօն մասնակցութիւն բերած է:

1915-ի Սեպտեմբեր ամիսն էր: Թուրքերը Եդեսիոյ հայոց տուները կը կողոպտեն եւ հայեր կը սպաննեն: Անոնք Ալահայտոյեաններուն դրացիին տունը կրակի կու տան: Դրացին տունին մէջ էր ընտանեօք: Եղիսաբէթին ընտանիքը փախուստ կու տայ տունէն եւ հայ աւետարանական եկեղեցին կþապաստանի: Թուրքերը Եղիսաբէթին ինը տարեկան Յարութիւն եղբայրը մօր ձեռքէն կը քաշեն ու կը տանին: Թուրք սպայ մը Եղիսաբէթին քրոջ շալը կը գողնայ գլուխէն: Եղիսաբէթ իր ընտանիքին եւ ուրիշ հայերու հետ դուրս կը հանուի եկեղեցիէն: Անոնք, կարաւան կազմած, կը քալեն թուրք ոստիկաններու հրամանով: Կը հասնին գերմանական հիւանդանոցին մօտ գտնուող Միլլէթ Խանի որբանոցը, ուր կþիմանան, թէ թուրք ոստիկան-զինուորները Եղիսաբէթի հայրն ու հօրեղբայրը սպաննած են իրենց տան բակին մէջ. տարիքով մեծ ըլլալնուն, անոնք չէին կրցած տունը լքել եւ քալել: Այս լուրը իրենց բերած էր ոստիկանի մը հետ եկած հայ կին մը, որ քսան տարի չբեր ըլլալէ յետոյ, քիչ առաջ Եղիսաբէթենց բակին մէջ իր առջինեկին ծնունդ տուած էր: Եղիսաբէթենք որբանոցէն կը տեղափոխուին ախոռ մը, ուր կը մնան երկու օր: Ոստիկան-զինուորները գաղթականներուն կը հրամայեն պարպել ախոռը եւ ճամբայ ելլել: Այդ պահուն թուրք ոստիկան մը թուրքի մը հետ զիրենք կը փնտռէր: Թուրքը Եղիսաբէթի հօրեղբօրորդի Գէորգէն բարիք տեսած էր: Արդարեւ, երբ Գէորգ կը կռուէր թուրքերուն դէմ, քանի մը օր առաջ իր ձեռքն ինկած էին այդ թուրքն ու անոր ընտանիքը, որոնց կեանքը Գէորգ խնայած էր: Այժմ թուրքը եկած էր այդ բարիքը փոխադարձելու` փորձելով ազատել Ալահայտոյեան ընտանիքը: Ոստիկանը Եղիսաբէթենց կը թելադրէ ախոռին մէջ մնալ: Ուստի բոլոր հայ գաղթականները ախոռէն դուրս կու գան, բացի Եղիսաբէթի ընտանիքէն:

Մասմանայի մէջ գորգի գործարան մը կար, ուր բազմաթիւ հայեր կþաշխատէին: Տնօրէնը` Էխհարթ անունով գերմանացի մը, հոն աշխատող բոլոր հայոց եւ ընտանիքներուն կեանքը փրկած էր: Էխհարթ զանոնք բերած եւ իրենց մնացած ախոռին վերի յարկը բնակեցուցած էր: Բարի կարգադրութեամբ մը, Էխհարթ Ալահայտոյեանները վերի յարկը կþընդունի: Այդ օրերուն Եղիսաբէթի եղբայրը` Յովսէփ Ալահայտոյեան, իրենց ապաստանած ախոռին մօտ գտնուող գերմանական հիւանդանոցին մէջ կþաշխատէր իբրեւ դեղագործի օգնական: Փափա Քիւնցլեր հիւանդանոցին տնօրէնն էր: Հիւանդապահուհիները հայ էին: Անոնք ամէն օր ախոռի վերի յարկին մէջ ապաստան գտած հայոց ճաշ կը բերէին: Եղիսաբէթի մտքին մէջ կը ծագի Յովսէփին նամակ մը գրելու գաղափարը: Ան իսկոյն կը գրէ ՙՅովսէ՛փ, մայրդ եւ քոյրերդ Միլլէթ Խան կը գտնուին՚ երկտողը եւ զայն հիւանդապահուհիի մը ձեռքով կը ղրկէ Յովսէփին: Յաջորդ օրը հիւանդապահուհին կը վերադառնայ ճաշի ժամանակ` իրեն հետ երկու սպիտակ զգեստ բերած: Եղիսաբէթին երկու երէց քոյրերը հիւանդապահուհիի յատուկ այդ զգեստները կը հագնին եւ կը մտնեն հիւանդանոց` Յովսէփին քով: Այդ միջոցին Ալահայտոյեան ընտանիքին բարիք ընող թուրքը Եղիսաբէթին միւս եղբայրը` առեւանգուած Յարութիւնը, բռնագաղթի ճամբուն վրայ գտնելով, բերած էր իրենց քով: Յովսէփ կը յաջողի Յարութիւնն ալ իր քով բերել տալ: Բոլոր Ալահայտոյեանները աստիճանաբար կը տեղաւորուին հիւանդանոցին մէջ:

Գերմանական հիւանդանոցին մէջ աշխատող հայերէն շատերը հոն իրենց ընտանիքներուն ապաստան տուած էին: Թուրքերը հիւանդանոց կը մտնեն` այդ հաստատութեան մէջ չծառայող հայերը ձերբակալելու համար: Անոնք մանրակրկիտ խուզարկութիւն կը կատարեն, ոչ-պաշտօնեայ հայերը կը հաւաքեն հիւանդանոցի բակին մէջ, ուր մինչեւ իրիկուն կը սպասցնեն զանոնք: Եղիսաբէթ եւ իր քոյրերը սենեակի մը մէջ պահուըտած էին, երբ ոստիկանները Փափա Քիւնցլերի հետ սենեակ կը խուժեն: Սակայն թուրքերը չեն տեսներ զիրենք եւ անոնք հրաշքով կþազատին: Գիտնալով, թէ թուրքերը կրկին պիտի խուզարկէին սենեակները, յաջորդ օրը Եղիսաբէթենք խոհանոցին մէջ կը պահուըտին: Թուրքերը կրկին կը խուզարկեն, սակայն դարձեալ չեն գտներ զիրենք: Թուրքերը հիւանդանոցին բակը հաւաքուած հայերը ճամբայ կը հանեն անծանօթ ուղղութեամբ:

Հիւանդանոցը գրեթէ ամէն օր կը խուզարկուէր` ոչ-պաշտօնեայ հայեր յայտնաբերելու յոյսով: Յովսէփ ժանտատենդէ կը բռնուի եւ անկողին կþիյնայ: Անոր քոյրերն ու եղբայրը իր շուրջ կը հաւաքուին: Այդ պահուն Փափա Քիւնցլեր սենեակ կը մտնէ ու բոլորը կը տեսնէ: Թուրքերէն շատ զգուշացող Քիւնցլեր կը մտածէ Յովսէփի եղբայրն ու քոյրերը Եդեսիոյ ասորիներու թաղը ղրկել, որպէսզի անոնք չբռնագաղթեցուին: Փափա Քիւնցլերի կարգադրութեամբ, Յովսէփի Հռիփսիմէ ու Ֆերիտէ քոյրերը հիւանդանոցին մէջ հիւանդապահուհիի պաշտօն կը ստանան: Անոնք բոլորն ալ հիւանդանոցը կը մնան. ցերեկները կը պահուըտին եւ գիշերները կþաշխատին:

Թուրքերը որբանոցին բոլոր հայ փոքրերը մորթելու կը տանին: Որբանոցին տնօրէնը` Լեսլի (ամերիկացի միսիոնար Ֆրենսիս Լեսլի - Յ. Ի.) այս տեսնելով` կþայլայլի, իսկոյն թոյն կը խմէ եւ անձնասպան կþըլլայ: Այս մահուան առթիւ թուրքերը կու գան եւ Փափա Քիւնցլերը կը հարցաքննեն:

[1915-ի աշնան կամ 1916-ի ձմրան սկիզբը - Յ. Ի.] թուրքերը Յովսէփ Ալահայտոյեանը կը բանտարկեն: Ալահայտոյեանները Եդեսիոյ քիւրտերու շրջանին մէջ կը վարձեն տուն մը, ուր երկու տարի կը մնան: Լսած էին, թէ իրենց տունը քանդուած էր հայկական թաղամասին հետ միասին: Ապա կը տեղափոխուին ուրիշ թաղամաս մը, ուր կը մնան մինչեւ 1919:

Ազատ արձակուելէ յետոյ Յովսէփ համալսարան կը մտնէ եւ դեղագործութիւն կþուսանի: Փափա Քիւնցլեր Եդեսիայէն մեկնած էր: Եղիսաբէթ, անոր քոյրերը, եղբայրներն ու մայրը կը յաջողին անցնիլ Հալէպ, ապա 1922-ին կը տեղափոխուին Պէյրութ, ուր Յովսէփ դեղարան մը կը բանայ:

 

Բ- Յովսէփ Ալահայտոյեանի Գրի Առած Յուշերը

Յովսէփ Ալահայտոյեան ծնած է Եդեսիա, 1894-1895-ի ապտիւլհամիտեան ջարդերու ժամանակ` 1895-ին: Յովսէփի մայրը իրեն պատմած էր, թէ ինչպէս թուրքերը իրենց տունը խուժած էին, երբ Յովսէփ եօթը կամ ութ ամսական ծծկեր երեխայ էր: Քիչ մնացած էր, որ թուրքերը Յովսէփը սպաննէին, բայց թերեւս գութէ մղուած` բաւարարուած էին տունը կողոպտելով:

Յովսէփ կը յաճախէ ծննդավայրին Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանը, զոր կþաւարտէ 1910-ին: 1910-1912 իբր դեղագործի օգնական կþաշխատի Եդեսիոյ գերմանական հիւանդանոցին մէջ: 1912-ին Յովսէփ իր ընկերոջ` Յովհաննէս Նագգաշեանի հետ Դամասկոսի Բժշկական Դպրոցը կը մտնէ: Երեք ամիս սորվելէ յետոյ Յովսէփ մուտքի քննութիւններուն կը յաջողի, իսկ Յովհաննէս ձախողելով` ծննդավայր կը վերադառնայ: Յետագային Յովհաննէս Նագգաշեան կը դառնայ Եդեսիոյ հերոսամարտի մասնակից: Յովսէփ կը շարունակէ ուսումը մինչեւ 1914: Երբ պատերազմը կը ծագի, Դամասկոսի Բժշկական Դպրոցը կը փակուի, ուստի Յովսէփ իր ծննդավայրը կը վերադառնայ:

Եդեսիայէն անցնող գաղթականներու առաջին կարաւանը Զէյթունի հայոց կարաւանն էր: Ան կը քշուի դէպի Այն Արապ կամ Արապ Փունար եւ ապա` Տէր Զօր: Հայոց յաջորդական կարաւանները Խարբերդէն, Տիգրանակերտէն, Մելիտինէէն եւ Ատըեամանէն երբ Եդեսիա կը հասնին, գաղթականները կարճ ատեն Միլլէթ Խան կը մնան: Ամէն անգամ որ կարաւան մը հասնէր, Յովսէփ Ալահայտոյեան գերմանական հիւանդանոցի հիւանդապահուհիներուն հետ Միլլէթ Խան կþերթար, վիրաւորները կը բուժէր ու քանի մը հայ աղջիկներ կþազատէր` զանոնք հիւանդապահուհիի զգեստով ծպտեցնելով: Գրեթէ ամէն առտու ան աննկարագրելի եւ սրտցաւ տեսարաններու ականատես կը դառնար: Հազարաւոր յուսահատ հայ աքսորեալներ մահը կը նախընտրէին այդ վիճակէն: Անօթութիւնն ու թշուառութիւնը համատարած էին:

Եդեսիոյ հայոց հերոսամարտը կը սկսի 30 Սեպտեմբեր [1915]-ին: Յովսէփ այդ օրերուն քաղաքին արուարձանին մէջ գտնուող գերմանական հիւանդանոցին մէջ կþաշխատէր: Հայոց պայքարին եւ կախաղանահանումներուն վերջ գտնելէն անմիջապէս յետոյ թուրքերը գերմանական հիւանդանոցին մէջ աշխատող հայերը կը ձերբակալեն ու կը հարցաքննեն: Անոնք Յովսէփ Ալահայտոյեանն ու Տոքթ. Արմենակ Ապուհայթայեանը զինուորական ատեան կը տանին, նաեւ կը բանտարկեն հիւանդանոցին մէջ աշխատող երեք ուրիշներ: Զինուորական ատեանը անորոշ ժամկէտով կը բանտարկէ Յովսէփն ու Արմենակը: Որոշ ատեն ետք, թուրքերը վերջինիս արտօնութիւն կու տան Եդեսիոյ թրքական հիւանդանոցին մէջ աշխատելու` իրենց հսկողութեան տակ: Յովսէփ մէկ տարի բանտը կը մնայ: 1916-ի սկիզբը թուրքերը Յովսէփն ու ուրիշ հայեր Այնթապի զօրանոցը, ապա Հալէպի զօրանոցը կը ղրկեն` իբրեւ օսմանեան բանակի զինուոր ծառայելու համար:

Զինուորական հրամանատարութիւնը բժշկականի բոլոր ուսանողներուն իրենց ուսումը շարունակելու արտօնութիւն կու տայ: Այդպիսով, Յովսէփ կþարտօնուի մեկնելու Պէյրութ եւ մտնելու Ֆրանսական Համալսարանի բժշկական դպրոցը, որու դեղագործական բաժինը կþաւարտէ 1916-ի վերջը: Յովսէփ օսմանեան բանակին մէջ իբրեւ դեղագործ կþաշխատի Դամասկոսի մէջ: Թուրքերը զայն Հոմս կը փոխադրեն: 1918-ին ան ականատես կը դառնայ օսմանեան բանակի Սուրիայէն խայտառակ նահանջին:

Յովսէփ Ալահայտոյեան կը մեկնի Պէյրութ եւ կը միանայ կամաւորական շարժումին: Ան ֆրանսական ռազմանաւով կը փոխադրուի Մերսին եւ ապա Ատանա, ուր կը ծառայէ ֆրանսական զինուորական հիւանդանոցին մէջ: Բայց երբ կը լսէ, թէ Եդեսիոյ գերմանական հիւանդանոցը վերաբացուած է, շուտով հոն կը մեկնի եւ իր նախկին պաշտօնը կը ստանձնէ: Ան կը տեսնէ վերապրող հայերը Եդեսիա վերադարձած եւ իրենց քանդուած տուներուն երաշինութեան ձեռնարկած:

Տարի մը խաղաղ անցնելէ յետոյ, քեմալականները կը սկսին յարձակիլ ֆրանսական բանակի զօրամասերուն վրայ: Երկու կողմերուն միջեւ տեղի կþունենան բախումներ, որոնց պատճառաւ հայերը երկու ամիս պաշարուած կը մնան եւ ֆրանսական բանակի կողքին կը կռուին: Ֆրանսացիք կը նահանջեն դէպի Հալէպ: Հայերը անոնց կը հետեւին, որովհետեւ քեմալականներու ձեռքին մէջ Եդեսիա անապահով վայր պիտի դառնար հայոց համար: Յովսէփ երեք ընկերներու եւ արաբ առաջնորդի մը հետ ձիով Հալէպ կը մեկնի: Ճամբան թուրքերը կրակ կը բանան անոնց վրայ, սակայն անոնք անվնաս կը շարունակեն իրենց ճամբան:

Գիրքին մնացեալ մասին մէջ հեղինակը` Շուշան Արթինեան-Թոքաթլեան, զետեղած է գլուխներ Յովսէփ Ալահայտոյեանի յուշերէն, որոնք ուղղակի կապ չունին Հայոց Ցեղասպանութեան հետ:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ