Յուշագիրքին հեղինակը` Հենրի Հ. Ռիկզ, կը բացատրէ եւրոպական պետութիւններուն եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցած յարաբերութիւնները 1914-ին եւ անկէ առաջ: Պաշտօնական Թուրքիան Գերմանիոյ կողքին կը կենայ: Թուրք ժողովուրդին զգացումները աւելի Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի կողմը կը հակին:
Իր յուշերուն մէջ` «Ողբերգութեան Օրեր Հայաստանի Մէջ - Անանձնական Փորձառութիւններ Խարբերդի Մէջ, 1915-1917», ՙԿոմիտաս Հիմնարկ՚ի հրատ. (Ան Արպըր, Միշիկըն, Ա. Մ. Ն.), 220 էջ, գրուած անգլերէնով, Ռիկզ կը նկարագրէ զինուորագրութեան հետ կապուած անկազմակերպութիւնը: Զինուորագրութեան տարիքին նկատմամբ կառավարական որոշումները յաճախ արագօրէն կը փոխուին: Այս միջոցին զինուոր կանչուած երիտասարդներուն վիճակը ողբերգական չափանիշներու կը հասնի հաւաքավայրերուն մէջ: Սպասման վիճակին մէջ գտնուող երիտասարդները ենթակայ են անօթութեան, հիւանդութեան եւ մահուան: Զինուորագրութեան գործողութիւնները կը սկսին Թուրքիոյ պատերազմ յայտարարելէն առաջ:
Դաշնակիցներուն դէմ Թուրքիա պատերազմ կը յայտարարէ 1914-ի Հոկտեմբերին: Առաջին քանի մը ամսուան թրքական եւ գերմանական յաջողութիւններէն ետք, կացութիւնը կը շրջի: Թրքական տեղեկատուական միջոցները միշտ կը մնան կառավարութեան խիստ գրաքննութեան տակ: Լուրերը Կ. Պոլսէն մինչեւ ներքին քաղաքները ՙՄիլլի՚ լրատուական գործակալութեան միջոցաւ կը հաղորդուէին: Կառավարութիւնը որոշած էր որեւէ աննպաստ լուր չսփռել: Պոլսական բոլոր թերթերը այս հրամանին տակ կը գործէին:
Կիներն ու մանուկները ամէն տեղ լքուած էին իրենց տուներուն մէջ: Աշխատող ձեռքերը պատերազմի գացած էին: Թուրքերը գացած էին ՙսրբազան պատերազմ՚ մղելու, իսկ հայերը` պաշտպանելու համար թրքական կառավարութեան այն բոլոր յատկութիւնները, որոնց հանդէպ իրենք պժգանք ու վախ ունէին: Բոլորն ալ հաւասարապէս կը տառապէին: Հեղինակը կþընդգծէ այն լաւ, սակայն զուսպ յարաբերութիւնները, որ գոյութիւն ունէր թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ: Ռիկզ այդ դժնդակ օրերուն իրարու օգնելու եւ կարեկցելու օրինակներ կը մէջբերէ` կարգ մը դրուագներ ներկայացնելով:
Երբ թրքական Կարմիր Մահիկի հիւանդանոցը Արաբկիրի մէջ խեղճուկրակ վիճակի մէջ էր, ամերիկեան միսիոնարական հիւանդանոցերը Թուրքիոյ մէջ լաւ հոգ կը տանէին հիւանդներուն եւ վիրաւորներուն: Զանազան դրուագներով եւ մանրամասնութիւններով, Ռիկզ կը ներկայացնէ պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող Թուրքիոյ անկարողութիւնըª հոգալու համար իր հիւանդ զինուորներուն պէտքերը:
Անասուններու եւ ինչքերու բռնագրաւումը շուտով ամերիկեան միսիոնարութիւնն ալ կը հարուածէ: Սակայն, պատերազմին սկզբնական շրջանին կարելի կը դառնայ, իբր օտար քաղաքացիներ, զերծ մնալ այդ չարիքէն: Ռիկզ կը նկարագրէ բռնագրաւումին եւ ընդհանրապէս պատերազմին պատճառած վնասները ժողովուրդին: Աւելի ուշ, սակայն, երբ քաբիթիւլասիոններու ջնջման օրէնքը կը հաստատուի, ամերիկեան միսիոնարութիւնն ալ բռնագրաւումներու կþենթարկուի: Եփրատ Գոլէճի քանի մը շէնքերը կը գրաւուին զինուորական պէտքերու պատրուակով: Շէնքերը գրաւելով, թուրքերը կը ձգտէին փակել տալ Եփրատ Գոլէճը:
Հեղինակը, մօտէն դիտելով Եփրատ Գոլէճի գրաւուած շէնքերուն մէջ ապրող զինուորներուն նիստ ու կացը, անոնց տառապանքներուն ականատես կը դառնայ: Ան իր տեսածներն ու լսածները մանրամասնօրէն կը նկարագրէ:
Հայերը շատ կը փափաքէին, որ ռուսական բանակը յառաջ խաղալով հասնէր իրենց մօտ, որովհետեւ երկար ժամանակ օսմանեան լուծին տակ կը գտնուէին: Այս ցանկութիւնը զարմանք պէտք չէ պատճառէ. նոյնիսկ թուրքերէն ոմանք նոյն ցանկութիւնը ունէին, յուսալով որ այսպիսով անիմաստ պատերազմի մը վերջ կը տրուի: Ըստ հեղինակին` Ռիկզի, հայոց նկատմամբ խժդժութիւններն ու անոնց սպանդը թուրք ժողովուրդէն չէին ծնած, այլ` պտուղն էին թուրք զինուորական խաւին չարամտութեան: Ռիկզ բռնագրաւումները, կողոպուտը, զինուորագրութիւնը, հայոց ձերբակալութիւնները, բանտարկութիւնները եւ ջարդերը կը նկարագրէ:
1915-ի Մայիսին, Ռիկզ շտապ կերպով Տիգրանակերտ կը կանչուի մըսթըր Սմիթին կողմէ: Ռիկզ ճամբայ կþելլէ ու հայկական բազմաթիւ քաղաքներէ եւ գիւղերէ կþանցնի: Ամէն կողմէ հայկական ջարդերուն մասին կը լսէ: Երբ ան Տիգրանակերտ կը հասնի, կը տեսնէ թէ Սմիթ իր տունը վերածած էր հիւանդանոցի, ուր ջարդերէն ազատուած հայեր եւ ասորիներ կը խնամէ: Հոն կային երկու հայ մանուկներ, որոնք քիւրտերու կողմէ գլխատուելէ ազատած էին: Ռիկզ կը հրաժարի աւելի սարսափազդու վէրքեր նկարագրելէ:
Շուտով Տիգրանակերտի ձերբակալութիւններն ու բանտարկութիւնները կը սկսին: Քաղաքի երեւելիներէն երկու հազար հոգի կþաքսորուի: Տիգրանակերտի Առաջնորդ սրբազանը կը սպաննուի բանտին մէջ` չարչարուելէ ետք: Ռիկզ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ թուրքերու գործած ոճիրները հայոց հանդէպ: Կառքով իր եւ Սմիթի դէպի Խարբերդ վերադարձի ճամբուն վրայ, ան ականատես կþըլլայ հայոց հանդէպ կատարուած ոճիրներուն: Վտանգաւոր ճամբորդութենէ մը ետք անոնք Խարբերդ կը հասնին:
1915-ի Յունիսին Խարբերդի մէջ կացութիւնը կը վատթարանայ: Ամէն կողմ հայոց հալածանք եւ սպանութիւն: Թուրքերը կը փորձեն Եփրատ Գոլէճի շէնքերը մտնել եւ հոն ապաստան գտած հայերը ձերբակալել: Ռիկզ դէպքը մանրամասնօրէն կը նկարագրէ: Խարբերդի մէջ հայերը խիստ հալածանքի ու սպանութեան կþենթարկուին: Օտարահպատակները իրենց կարելի փորձը կþընեն անհատ հայեր ազատելու համար: Խարբերդի հայ երեւելիները 20 Յուլիս 1915-ին կը ձերբակալուին: Բռնագաղթելու հրամանը կու գայ եւ քանի մը օր պայմանաժամ կը տրուի: Կողոպուտի ու ջարդի ահռելի դէպքեր կը պատահին:
Զանազան պատճառներով, բռնագաղթէն զերծ մնացած էին կարգ մը հայեր: Գաղթի թուականէն շատ աւելի ուշ անոնք Տերսիմի լեռներէն փախչելով Կովկաս հասած էին: Խարբերդի հայոց տեղահանութիւնը սկսելէն անմիջապէս ետք, քիչ թիւով հայեր, մասնաւորաբար Չմշկածագէն, ապաստանած էին Տերսիմ, որ Խարբերդի հիւսիսը կը գտնուի, Եփրատի արեւելեան եւ արեւմտեան օժանդակներուն միջեւ: Այս շրջանին բնակիչները իսլամ քիւրտեր են, աւելի ճիշդը` ալեւի զազաներ: Անոնց յարաբերութիւը օսմանեան կառավարութեան հետ լաւ չէր: 1895-ին Տերսիմի քիւրտերը թէեւ հայեր ջարդած էին, սակայն հայոց աւելի մօտ էին քան թուրքերուն: Անոնցմէ շատեր այն համոզումը ունին, թէ իրենք եւ հայերը նոյն նախահայրերը ունեցած են:
Սկզբնական շրջանին, այսինքն Յունիս 1915-ին, հայոց համար Տերսիմի ճամբով փախչիլը գրեթէ անկարելի էր: Տերսիմի վալի Սապիթ պէյի թոյլտուութեամբ սկիզբը բազմաթիւ հայեր կþապաստանին Տերսիմ` անկէ Կովկաս անցնելու համար: Փախչելու գործողութիւնը միշտ կաշառքով կþըլլար:
Բեռնակիր անասուններու պակասին պատճառաւ Խարբերդի բռնագաղթը կը յետաձգուի: Սպասման վիճակի մէջ, խարբերդցի հայերը ականատես կþըլլան հիւսիսէն եւ մանաւանդ Կարինէն բռնագաղթուած հայոց թշուառութեան: Անոնք կը լսեն կարինցի հայուհիներուն սրտաճմլիկ պատմութիւնները:
Նախ Մեզիրէ քաղաքը եւ Հիւսէյնիկ գիւղը կը բռնագաղթուին: Աւելի ուշ, Խարբերդի հայութիւնը մաս առ մաս կը տեղահանուի, սկսելով 31 Յուլիս 1915-ին: Հեղինակը մանրամասնօրէն կը նկարագրէ այդ օրը:
Բռնագաղթէն շաբաթներ ետք, վերապրող հայ բարեկամներէ եւ ծանօթներէ Ռիկզ լուրեր կը ստանայ: Անոնք կը գրեն կամ կը պատմեն Եդեսիայէն եւ Հալէպէն: Այդ դրուագները հեղինակը կը գրէ ու հայոց տառապանքը կը նկարագրէ: Կþիմացուի նաեւ, թէ այրերուն մէծ մասը ջարդուած է:
Ռիկզ Խարբերդի մօտ գաղթակայան մը կþայցելէ ու հոն անձամբ կը տեսնէ անօթութեան եւ թշուառութեան մատնուած հայ խլեակները: Կիները կþուզէին իրենց զաւակները ապահով ձեռքերու յանձնել: Հեղինակը բազմաթիւ դրուագներ կը պատմէ գաղթակայան այս այցելութենէն:
Շատ քիչ հայեր կը մնան Խարբերդի մէջ: Այս միջոցին կողոպտուած եւ թշուառ գաղթական հայեր Խարբերդ կը հասնին շրջակայ հայ գիւղերէն: Ռիկզ իր անձնակազմին հետ կը ձեռնարկէ անոնց օգնութեան գործը: Միսիոնարները հաց, սննդեղէն եւ հագուստ կը բաժնեն գաղթականներուն: Սակայն, աւելի ուշ, այս հայերէն շատերը մէկ առ մէկ ձերբակալուելով կþաքսորուին: Գաղթականներուն ազգականները Ամերիկայէն օգութիւն կը ղրկէին իրենց հարազատներուն: Շնորհիւ Ռիկզի, ամերիկեան միսիոնարութիւնը լաւագոյնս կը ծառայէ այս նպատակին:
Նոր բռնագաղթեր տեղի կþունենան: Ռուսական գրաւումին պատճառաւ Վանէն եւ Բաղէշէն թուրք եւ քիւրտ գաղթականներ Խարբերդ կը հասնին: Թուրքերը եւ քիւրտերը սահմանամերձ շրջաններուն մէջ խուճապի կը մատնուին 1916-ի գարնան:
1917-ի գարնան լուրեր կը տարածուին, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները հաւանաբար պատերազմի մէջ մտնէ: Այս միջոցին թշուառութիւնը կը շարունակուի Խարբերդի մէջ: Ժանտախտը բազմաթիւ զոհեր կը խլէ: Ռիկզի տիկինը ժանտախտէ կը մահանայ:
Իսկապէս ալ, ԱՄՆ պատերազմ կը յայտարարէ Գերմանիոյ դէմ: 17 Մայիս 1917-ին բոլոր ամերիկացի քաղաքացիները ճամբայ կþելլեն դէպի իրենց երկիրը: Ռիկզ կը հեռանայ Խարբերդէն` թշուառական հայոց մնացորդները իր ետին ձգելով:
Յարութիւն Իսկահատեան
«Արարատ»