5 Ապրիլին, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծի փլանային դիտարկում պիտի իրականացնէ Հադրութի շրջանի ուղղութեամբ՝ Կարախանպէյլիի մօտակայքը:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը պիտի իրականացնեն ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի (ԳՆԱՆ) դաշտային օգնականներ Միխաիլ Օլարուն (Մոլտովա) եւ Կէնատիէ Պետրիկան (Մոլտովա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Բարձր մակարդակի փլանաւորման խումբի (ԲՄՊԽ) ներկայացուցիչ փոխգնդապետ Պատրիկ Ֆարելին (Իրլանտա)։
Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցիլ դիտարկման անցկացման եւ ապահովել ԵԱՀԿ առաքելութեան անդամներու անվտանգութիւնը։