Գերմանիոյ ելեւմտական շուկայի հսկաներէն համարուած՝ Deutsche Bank-ը յայտնուած է Անգլո-ամերիկեան դրամական «հալածանք»ներու կիզակէտին: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ LBCI կայանը հաղորդելով, որ դրամատան Լոնտոնի եւ Նիւ Եորքի մասնաճիւղներուն դէմ դրուած են բարձրաժէք դրամական տոյժեր:
Ըստ նոյն աղբիւրին դրամատան վերը նշուած մասնաճիւղերը պարտաոր են վճարել 630 միլիոն ամերիկեան տոլարի տուգանք մը եւ այդ մէկը կապուած է դրամատան ռուսական մեծ դրամագլուխներ «լուալու» եւ «սպիտակցնելու» ծանր մեղադրանքներուն հետ:
Բրիտանիոյ ելեւմուտքի նախարարութեան բարձրաստիճան պատասխանատու մը այս մասին խօսելով ըսած է, թէ գերմանական դրամատունը անցնող մէկ տարուան ընթացքին սատարած է Ռուսաստանէն 10 միլիառ ամերիկեան տոլար «արտահանելու» հետեւաբար նաեւ «լուալու» արգիլուած գործընթացին: