Թունուսի Ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ Սաֆաքէս քաղաքի Ազգային պահակազօրին ենթակայ հետախուզական ծառայութիւնը աւազակային ցանց մը յայտնաբերած է, որ Սուրիոյ մէջ պայքար մղող ահաբեկչական խմբաւորումներուն կիներ կը մատակարարէ:
«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, իրաւասու մարմինները ցանցի անդամներէն չորսը ձերբակալած են, որոնց տարիքները 22-էն 29-ի միջեւ են:
Նախարարութիւնը յայտնած է նաեւ, որ վերջիններս տեղափոխուած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի դատարան, ուր համապատասխան քննութիւն իրականացուելէ ետք իրաւական միջոցներ պիտի ձեռնարկուին անոնց դէմ: