image

Չորս տարուան դադարէ ետք Հալէպի երկաթուղին դարձեալ սկսած է գործել

Չորս տարուան դադարէ ետք Հալէպի երկաթուղին դարձեալ սկսած է գործել

Հալէպի արեւելեան ու արեւմտեան շրջաններն իրար կապող երկաթուղին չորս տարուան դադարէ ետք վերսկսած է գործել: Այս մասին երէկ, 25 Յունուարին յայտնած է Սուրիոյ Երթեւեկութեան նախարար Ալի Համմուտ, կը գրէ «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը:

«Հալէպի երկաթուղիին աշխատանքի վերսկսումը արդիւնք է Սուրիոյ բանակի շնորհիւ Հալէպի ազատագրման եւ խաղաղութեան ու անվտանգութեան վերահաստատման»,- յայտարարած է Ալի Համմուտ, աւելցնելով, որ երկաթուղիի վերաբացման որոշումը կայացուած է կառավարական պատուիրակութեան Հալէպ այցելութեան ընթացքին:

Նախարարը նշած է նաեւ, որ Երկաթուղիի ամբողջ երկայնքով կատարուած ականազերծման աշխատանքներուն հետեւանքով հնարաւոր եղած է 330 ականի յայտնաբերումը, որոնք այնտեղ տեղադրուած էին ահաբեկիչներու կողմէ, նպատակ ունենալով երկաթուղին ամբողջութեամբ կործանել:

Յիշեցնենք, որ աւելի շուտ Երթեւեկութեան նախարարը  յայտարարած էր նաեւ Հալէպի օդակայանի վերանորոգման աշխատանքներու մեկնարկին մասին: