Թրամփի վարչակազմը յայտարարած է, որ 1915 թուականին տեղի ունեցած հայերու զանգուածային սպանութիւնները չի դիտարկեր որպէս ցեղասպանութիւն՝ հակասելով ԱՄՆ Ծերակոյտի կողմէ միաձայն ընդունուած բանաձեւին: Այս մասին կը գրէ BBC News-ը՝ նշելով, որ նախորդ շաբաթ տեղի ունեցած պատմական քուէարկութիւնը բարկացուցած է Թուրքիոյ, որ մշտապէս ժխտած է Ցեղասպանութիւնը:
Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ քուէարկութենէն ետք Թուրքիոյ ԱԳ նախարարութիւն կանչուած էր ԱՄՆ դեսպանը, որուն բողոք յայտնած էին բանաձեւի ընդունման համար՝ մեղադրելով ԱՄՆ-ն «պատմութիւնը քաղաքականացնելու համար»:
Նշենք, որ ԱՄՆ Քոնկրեսի վերին պալատին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ճանաչման դեկտեմբեր 17-ին անդրադարձած է նաեւ ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը՝ յայտարարելով, որ «ԱՄՆ վարչակազմի դիրքորոշումը չէ փոխուած, եւ այն հիմնուած է նախագահի՝ անցեալ տարի ապրիլին ըրած յայտարարութեան վրայ»: