image

Բողոքի ցոյց Թուրքիոյ մէջ՝ ընդդէմ իշխող կուսակցութեան եւ բռնապետական կարգի

Բողոքի ցոյց Թուրքիոյ մէջ՝ ընդդէմ իշխող կուսակցութեան եւ բռնապետական կարգի

Թուրքիոյ մէջ շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու ու միութիւններու նախաձեռնութեամբ ուշագրաւ բողոքի ցոյց կազմակերպուած է: Թրքական «Birgün» թերթի տեղեկացմամբ՝ ցոյցը ուղղուած է իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (AKP) նախաձեռնած պետական կառավարման ձեւի փոփոխութեան եւ երկրի մէջ բռնապետութեան հաստատման փորձերու դէմ:

Սոցիալական ցանցերու միջոցաւ տարածուած «Ոտքի կ'ելլենք» կոչի շնորհիւ երկրի տարբեր անկիւններուն բազմաթիւ քաղաքացիներ միացած են միջոցառման: 16 յունուարին ժամը 16:00-ին Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին մեծ թիւով քաղաքացիներ մէկ վայրկեան ոտքի կանգնած են եւ ոչ ըսած են, իրենց առաջարկուող բռնապետական ռեժիմին:

Միջոցառման Անգարայէն միացած են նաեւ երկրի գլխաւոր ընդդիմադիր ուժը համարուող «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (CHP) պատգամաւորները: Միաժամանակ մասնակիցները ընկերային ցանցերու վրայ #AyağaKalkıyoruz (ոտքի կ'ելլենք) հէշթէկով միջոցառման լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր հրապարակած են:

Բողոքի այս իւրատեսակ դրսեւորումը կը շարունակուի նաեւ այսօր՝ 17 յունուարին ժամը 17:00-ին եւ 18 յունուարին՝ ժամը 18:00-ին: