ԲՀԿ ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը գրաւի դիմաց ազատ արձակուեցաւ կալանքէն: Դատարանը հաշուի առնելով մեր միջնորդութեան մէջ բերուած բոլոր իրաւական եւ փաստական հանգամանքները՝ կայացուց արդարացի որոշում: Այս մասին այսօր լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Գագիկ Ծառուկեանի պաշտպանը՝ նշելով, որ գրաւի չափը կը կազմէ 100 մլն դրամ:
Ան նշած է, որ միջոցներ կը ձեռնարկուին, որ Ծառուկեանն այսօր ազատ արձակուի: Դիլբանդեանը նշած է, որ ազատ արձակման վերաբերեալ իրաւական հանգամաներէն մէկը նաեւ պատերազմական իրավիճակն է: