2017թ. 2 ապրիլին, ժամը 20։00-ին աւարտած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրութիւններու քուէարկութիւնը։
ԱԺ ընտրութիւններուն մասնակցող 9 կուսակցութիւններէն եւ կուսակցութիւններու դաշինքներէն, «Երկիր մետիա» հեռուստաընկերութեան պատուէրով իրականացուած exit poll-ի արդիւնքներու համաձայն, ԱԺ կանցնի 4 ուժ։
Անոնք են՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, «Ծառուկեան» դաշինքը, «Ելք» դաշինքը եւ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը»։
Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը առցանց ներկայացուցած է ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները։
Յիշեցնենք, որ 2017թ. ԱԺ ընտրութիւններուն կը մասնակցէին «Ելք», «Ծառուկեան» «Օհանեան-Ռաֆֆի -Օսկանեան», «Գոնկրէս- ՀԺԿ» դաշինքները, Հայաստանի Հանրապետական, «Ազատ դեմոկրատներ», Հայաստանի կոմունիստական, «Հայկական վերածնունդ», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութիւնները։
Նախնական արդիւնքները՝ ժամը 07.20-ի դրութեամբ
«Ելք» կուսակցութիւններու դաշինք – 7.48%, 90 874 ձայն
«Ազատ դեմոկրատներ» կուսակցություն – 0.88%, 10 623 ձայն
«Հայկական վերածնունդ» կուսակցություն – 3.70%, 44 910 ձայն
«Ծառուկեան» կուսակցութիւններու դաշինք – 27.65%, 335 754 ձայն
«Գոնկրէս- ՀԺԿ» կուսակցութիւններու դաշինք – 1.58%, 19 177 ձայն
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն – 49.18%, 597 192 ձայն
Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութիւն – 0.71%, 8669 ձայն
«Օհանեան-Ռաֆֆի -Օսկանեան» կուսակցութիւններու դաշինք – 2.11%, 25 672 ձայն
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութիւն – 6.71%, 81 468 ձայն