image

«Այսօրուան այս պահը սարքած է, եղածը քաղաքական ճնշումի փորձ է» Գագիկ Ծառուկեան

«Այսօրուան այս պահը սարքած է, եղածը քաղաքական ճնշումի փորձ է» Գագիկ Ծառուկեան

Այսօրուայ այս պահը սարքած է, այո, քաղաքական է, կ'ուզեն ճնշում գործադրեն, սպառնան, վախցնեն, լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ԲՀԿ նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը:

«Բայց ես այսօր ձեզի կ'ըսեմ որպէս Ծառուկեան Գագիկ. անբարոյականի տղայ ըլլամ, թէ ետ կանգնիմ: Յարգելի ժողովուրդ, դարձեալ կ'ուզեմ ըսել՝ ամենակարեւորը գիտցէք՝ ինչ ուզեն սարքեն–չսարքեն, «չոռը մարդու չի կպնելու»: Պատրաստ եմ ամէն ինչի, այդ խաչը, այդ վստահութիւնը եղած է հինէն, 15 թուականէն ամէն ինչ առաջարկած են, չեմ համաձայնած: Այսօր ալ առաջարկած են, չեմ համաձայնած: Ես ոչ մէկ բանի կարիք ունիմ: Ամենակարեւորը՝ ով ինչ խօսք տուած է, ինչ պարտաւորութիւն վերցուցած է, պէտք է կատարէ:

Երկու տարի՝ ոչ մէկ բան, բոլորը ձախողած է: Այսօր մարդիկ համապատասխան իրենց տեղերը չեն, անփորձ են, եւ այսօր բոլորը ձախողած է: Այսօր ամէն օր ի վնաս է ժողովուրդին եւ պետութեան՝ արտաքին քաղաքականութիւն, ներքին քաղաքականութիւն, ընկերային խնդիրներ, առողջապահական: Այսօր 300-400 հազար մարդ անգործ է, մարդիկ չեն կրնար իրենց ընտանքիներուն գործերը կարգաւորել: 3 ամիս ետք սով պիտի ըլլայ», - ըսած է Գագիկ Ծառուկեանը:

Յիշեցնենք, որ այսօր առաւօտէն ԱԱԾ-ն գործողութիւններ կը կատարէ Գագիկ Ծառուկեանի առանձնատան մէջ: